Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Իւան Վոլինքին հաստատած է, որ ռուսական 200 միլիոն տոլար վարկի ծիրին մէջ Հայաստանին սպառազինութեան մատակարարումը սկսած է:
Ռուս դեսպանը նաեւ արձագանգած է Հայաստանին` ռուսական «Իսքանտեր» հրթիռային համակարգերու վաճառքին` ընդգծելով, որ ասիկա կը վկայէ, թէ հայ-ռուսական յարաբերութիւնները ունին դաշնակցային բնոյթ:
«Իսքանտեր»-ի վաճառքը կը նշանակէ, որ ձեռք բերուած է համապատասխան պայմանաւորուածութիւն: Նաեւ, որ մեր երկիրներու յարաբերութիւնները դաշնակցային են ու եղբայրական: Ինչ կը վերաբերի 200 միլիոն տոլար վարկին, ապա վարկային համաձայնագիրը իրականացման փուլին մէջ է, կը գործադրուի ըստ ծրագիրին: Մատակարարումները արդէն սկսած են ու պիտի շարունակուին ըստ համաձայնութեան», յայտնած է դեսպանը: