
Պարսելոնայի միջնապահ Սերճիօ Պուսքեթց իր պայմանագրութիւնը երկարաձգեց իր ակումբին հետ, յայտնեց քաթալոնական ակումբին պաշտօնական կայքը:
Պարսելոնայի հետ Պուսքեթցի պայմանագրութեան ժամկէտը արդէն իսկ ուժի մէջ է մինչեւ 2021 ամառ:
Նշենք, որ ֆութպոլիստին նոր պայմանագրութեան մէջ գոյութիւն ունի կէտ մը, ըստ որուն, կողմերը կրնան պայմանագրութիւնը 2 տարիով երկարաձգել:
Պարսելոնա յայտնեց նաեւ, որ 28 տարեկան ֆութպոլիստին հրաժարագինը կը կազմէ 200 միլիոն եւրօ:


