
Հոլանտայի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի 1-32-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Վիթես Առնհեմ իր դաշտէն դուրս 7-2 արդիւնքով յաղթեց Տէ Տէյքի:
Ռուսիոյ ֆութպոլի երիտասարդական հաւաքականի միջնապահ Արշակ Քորեան, որ Վիթեսի կազմէն դաշտ ներկայացաւ 75-րդ վայրկեանին, տասը վայրկեան ետք նշանակեց իր կազմին եւ մրցումին վերջին կոլը:
21 տարեկան ֆութպոլիստը իր առաջին կոլը կը նշանակէր Վիթեսի գլխաւոր խումբին հետ:
Նշենք, որ Արշակ Քորեան նախապէս հանդէս եկած է Հայաստանի 17 տարեկանէն վար հաւաքականին հետ, սակայն աւելի ուշ մաս կազմած է Ռուսիոյ երիտասարդական հաւաքականին:


