
Wtatennis.com կայքը կը յայտնէ, որ ամերիկացի թենիսվումըն Սերենա Ուիլիըմզ, որ աշխարհի աղջկանց ընդհանուր դասաւորման մէջ վերջերս նահանջեց 2-րդ դիրք, իր մասնակցութիւնը պիտի չկարենայ բերել Չինաստանի մէջ տեղի ունենալիք 2 մրցաշարքերու:
Ան ըսաւ, որ իր ուսին ստացած վնասուածքին պատճառով պիտի բացակայի Ուհանի եւ Փեքինի մրցաշարքերէն:
Սակայն բաւական հանգիստ ընելէ ետք Ուիլիըմզ պիտի մասնակցի աւելի ուշ տեղի ունենալիք Սինկափուրի միջազգային մրցաշարքին:


