Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՊԸՐՐԻ ԱՅՍՕՐ ԿԸ ՄԵԿՆԻ ԹԵՀՐԱՆ, ԱՊԱ` ՀԱՅԱՍՏԱՆ

September 30, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Պըրրի` իսլամ հոգեւորականներու պատուիրակութեան մը հետ տեսակցութեան ընթացքին

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի այսօր պիտի մեկնի Թեհրան` ընդառաջելով  Իրանի Ազգային ժողովի նախագահ Ալի Լարիճանիի հրաւէրին:

Իրանի մէջ Պըրրի պիտի մասնակցի պաղեստինեան ինթիֆատայի զօրակցութեան միջազգային Ե. խորհրդաժողովին:

Խորհրդաժողովը կը կրէ հետեւեալ խորագիրը. «Պաղեստինցիները երկիր չեն փնտռեր, իրենց երկիրը Պաղեստինն է»:

Խորհրդարանի նախագահին պիտի ընկերակցին լիբանանեան-իրանեան բարեկամութեան խորհրդարանական յանձնախումբի անդամ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ եւ լիբանանեան-հայաստանեան բարեկամութեան խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Արթիւր Նազարեան:

Թեհրանի մէջ իր առաքելութիւնը աւարտելէ ետք Պըրրի պաշտօնական այցելութեամբ մը պիտի ուղղուի Հայաստան, ուր  հանդիպումներ պիտի ունենայ Հայաստանի  նախագահ Սերժ Սարգսեանի, Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեանի եւ վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի հետ:

Պըրրի իր հայ պաշտօնակիցին հետ պիտի քննարկէ Լիբանանի եւ Հայաստանի խորհրդարաններուն միջեւ յարաբերութիւններուն եւ փոխադարձ գործակցութեան բարելաւման հեռանկարները, ինչպէս նաեւ Ազգային ժողովին մէջ պիտի արտասանէ խօսք մը, որուն մէջ պիտի անդրադառնայ ներկայ իրադարձութիւններուն եւ Լիբանան-Հայաստան երկկողմանի յարաբերութիւններուն:

Միւս կողմէ, խորհրդարանի նախագահը երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Իսլամ հոգեւորականներու համախմբումին մէկ պատուիրակութիւնը, որուն հետ քննարկեց երկիրը յուզող իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք պատուիրակութեան անունով խօսք առաւ շէյխ Ահմետ Զէյն, որ շեշտեց, թէ իրենք կը զօրակցին Տար Ֆաթուայի հոգեւոր վեհաժողովէն բխած կեցուածքներուն. ան աւելցուց նաեւ, որ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին տեսակէտները կը ծառայեն քրիստոնեայ եւ իսլամ համայնքներուն շահերուն:

Նախորդը

ԴԱՄԱՍԿՈՍԻ ՄԷՋ ՆԱԽԱԳԱՀ ԱՍԱՏ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՕՄԱՐ ԵՒ ՖԱՅՍԱԼ ՔԱՐԱՄԷՆԵՐԸ

Յաջորդը

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ԽՍՏԻՒ ԴԱՏԱՊԱՐՏԵՑ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ԿՈՂՄԷ ԲՆԱԿԵՑՄԱՆ ՎԱՅՐԵՐՈՒ ԿԱՌՈՒՑՄԱՆ ՎԱՒԵՐԱՑՈՒՄԸ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.