«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի նոր նախագահ Ալեքսանտր Սեֆերին յայտարարեց, որ Լոնտոն յարմարագոյն ընտրութիւնը պիտի ըլլայ Եուրօ-2016-ի Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցաշարքը հիւրընկալելու համար:
Նշենք, որ Լոնտոնէն բացի, այդ մրցաշարքը կ՛ուզեն հիւրընկալել նաեւ Ամսթերտամ, Պաքու, Պիլպաօ, Պրիւքսէլ, Պուքրէշ, Պուտափեշթ, Քոփենհակըն, Տապլին, Կլասքօ, Միւնիխ, Հռոմ եւ Ս. Փեթերսպուրկ:
Նշենք, որ սլովենիացի Սեֆերին, որ փաստաբան է, իր այս յայտարարութիւնը կատարեց Անգլիայէն, ուր հանդիպում մը կ՛ունենար 13 երկիրներու ֆետերասիոններու պատասխանատուներուն եւ ներկայացուցիչներուն հետ: