Երէկ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, Նըժմէ ակումբի կեդրոնատեղիին մէջ (Պէյրութ) լիբանանցի յետսապահ Եուսեֆ Մոհամետ, որ անցեալին մաս կազմած է գերմանական Քէօլն ակումբին, պաշտօնապէս յայտարարեց, որ կը լքէ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը` դարձեալ վիրաւորուելուն պատճառով:
36 տարեկան ֆութպոլիստը, որ ճանչցուած է «Տոտօ» ծածկանունով, ըսաւ, որ ֆութպոլէն իր վերջնական հեռացումը ոչ մէկ կապ ունի ակումբի ռումանացի մարզիչ Թիթա Վալերիուի հետ:
Ան ըսաւ, որ պարզապէս կը հեռանայ ֆութպոլէն, որովհետեւ իր ծունկին երկրորդ վիրաբուժութիւնը` նոյն վայրէն, արգելք կը հանդիսանայ, որ այսուհետեւ ֆութպոլի մրցումներու մասնակցի: