
Ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Մալեզիոյ դեսպան Իլանկօ Քարոպանանը, որուն հետ քննարկեց ճարտարարուեստի մարզին վերաբերող երկկողմանի յարաբերութիւններն ու զանոնք բարելաւելու հեռանկարները:
Հանդիպումին ընթացքին նախարար Սապունճեան ընդգծեց լիբանանեան արտադրութիւններու որակին կարեւորութիւնը` նկատել տալով, որ օտար շուկաներուն մէջ լիբանանեան արտադրութիւնները փնտռուած են իրենց որակին համար: Ան բարձր գնահատեց Մալեզիոյ փորձառութիւնը, որուն ծիրին մէջ ճարտարարուեստը կը կազմէ երկրին տնտեսութեան հզօրութեան գլխաւոր արժանիքը:
Նախարար Սապունճեան յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ ճարտարարուեստը իր կարգին կը կազմէ ազգային տնտեսութեան սիւներէն մէկը:
Իր կարգին, դեսպանը նշեց, որ յառաջիկայ տարեսկիզբին Պէյրութ պիտի այցելէ մալեզիացի գործարարներու մէկ պատուիրակութիւնը` քննարկելու համար Լիբանանի հետ երկկողմանի գործակցութեան ամրապնդման հեռանկարները:


