Երէկ` հինգշաբթի, 22 սեպտեմբերին տեղի ունեցան Շանվիլ ակումբի ընտրութիւնները, ակումբին կեդրոնին մէջ` Տիք Մըհտի:
Նոր նախագահ ընտրուեցաւ Էլի Հարֆուշ, որ շուրջ վեց տարի իբրեւ մարզիկ ելոյթ ունեցած է իր ակումբին հետ, ինչպէս նաեւ նախապէս մաս կազած է Լիբանանի ազգային խումբին եւ Քահրապա Զուքի:
Ինչ կը վերաբերի մնացեալ պաշտօններու բաժանումին, անիկա տեղի ունեցաւ հետեւեալ ձեւով.
Զիատ Խազեն (փոխնախագահ), Խալետ Մուժահեզ (ընդհանուր քարտուղար), Անթուան Սֆէյր (գանձապահ), Ժան Մամօ (պասքեթպոլի յանձնախումբի նախագահ), Քամալ Հաշեմ (հաշուապահ), Էլի Ֆարհաթ, Թուֆիք Շիպանի, Թուֆիք Մաթար, Ժան Սթամպուլի, Ռոյ Ապպուտ, Նեսիպ Քազզի եւ Արմէն Գալուստեան:
Յայտարարուեցաւ, որ ընտրութիւնները տեղի ունեցան դրական մթնոլորտի մը մէջ: Ժողովականները յայտնեցին, որ իրենց ամէն կարելին պիտի ընեն, որպէսզի կարենան ունենալ կազմ մը, որ կարենայ պայքարիլ Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան տիտղոսին համար: