
Ռիատի Պէյրութի աղջկանց պասքեթպոլի խումբի մարզիչ Էլի Նասըր, նշանակուեցաւ Լիբանանի տղոց Ա. դասակարգի կազմերէն Մէյրուպա խումբի նոր մարզիչ:
Նշենք, որ Մէյրուպա 2016-2017 տարեշրջանին, ելոյթ պիտի ունենայ Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան մէջ:
Ինչպէս ծանօթ է, Էլի Նասըր Ռիատիի աղջկանց պասքեթպոլի խումբին հետ տիրացած է բազմաթիւ տիտղոսներու:
Մէյրուպային միանալով` ան մարզիչի իր ասպարէզին ընթացքին ինքզինք պիտի գտնէ նոր մարտահրաւէրի մը դիմաց: