Sport.News.am կայքը կը հաղորդէ, որ երիտասարդներու «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի Ա. հանգրուանի մրցումներուն, ռուսական Ռոսթոք 4-2 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Պայէրն Միւնիխէն, Գերմանիոյ մէջ:
Հիւր կազմէն Բ. կիսախաղին սկիզբը դաշտ ներկայացաւ 17 տարեկան միջնապահ Նորիկ Մկրտչեան: Ան փոխարինուեցաւ 77-րդ վայրկեանին:
Նշենք, որ Ռուսիոյ ֆութպոլի երիտասարդական ախոյեանութեան, Մկրտչեան ցարդ իր մասնակցութիւնը բերած է 4 մրցումի: