Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախարար Նալբանդեան` ՄԱԿ-ի Ամպիոնէն. «Հայաստանը Խորապէս Մտահոգ Է Միջին Արեւելքի Մէջ Տիրող Իրավիճակով»

September 21, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

nalmag_92016

Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի 71-րդ նստաշրջանի աշխատանքներուն մասնակցող արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Էդուարդ Նալբանդեան 19 սեպտեմբերին նախագահեց գաղթականներու եւ արտերկրի մէջ աշխատողներու հիմնախնդիրներուն նուիրուած ՄԱԿ-ի վեհաժողովի առաջին նիստին:

Այս առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ Էդուարդ Նալբանդեան կարեւոր նկատեց նման բարձր մակարդակով հանդիպման կայացումը, որ փաստ է ՄԱԿ-ի ծիրին մէջ առկայ հարցերուն լուծում գտնելու հաստատակամութեան:

«Արդէն երեք տասնամեակ է, որ Հայաստանի առջեւ ծառացած են գաղթականներու ընդունման հետ կապուած մարտահրաւէրները: 1980-ականներու վերջին եւ 1990-ականներու սկիզբը հայերը Ազրպէյճանի կողմէ ցեղային զտումներու ենթարկուած են, արտաքսուած են իրենց բնակութեան վայրերէն եւ ապաստան գտած Հայաստանի մէջ: Այս տարուան ապրիլ ամսուան սկիզբը Ազրպէյճան կրկին լայնածաւալ յարձակումներ սանձազերծեց Լեռնային Ղարաբաղի դէմ, ինչ որ քաղաքացիական բնակչութեան մէջ կորուստներ եւ տեղահանութիւն պատճառեց», ըսաւ ան:

Էդուարդ Նալբանդեան կարեւոր նկատեց տագնապներու եւ ճգնաժամային իրավիճակներու կանխարգիլման, տագնապներու խաղաղ լուծման եւ մնայուն լուծման միջոցով տեղահանութիւններու հիմնական դրդապատճառներուն լուծում գտնելը: Ան շեշտը դրաւ հաւասար, արագ եւ անխափան միջազգային մարդասիրական աջակցութեան տրամադրման կարեւորութեան վրայ` գաղթական եւ տեղահանուած անձերուն աշխարհի բոլոր շրջաններուն մէջ, անկախ անոնց ներկայ քաղաքական կարգավիճակէն:

«Հայաստանը խորապէս մտահոգ է Միջին Արեւելքի մէջ տիրող իրավիճակով: Բազմաթիւ անգամներ Հայաստանը դատապարտած է ՏԱՀԵՇ-ի եւ այլ ահաբեկչական խմբաւորումներու կողմէ իրականացուած յանցագործութիւնները, որոնք սպառնալիք կը ներկայացնեն ինչպէս շրջանին համար, այնպէս ալ անոր սահմաններէն դուրս: Պատերազմը Սուրիոյ մէջ աւերիչ ազդեցութիւն ունի անոր քաղաքացիական բնակչութեան, ներառեալ` ազգային եւ կրօնական փոքրամասնութիւններուն համար, որոնք գոյատեւման պայքար կը  մղեն` ահաբեկիչներու եւ օտար վարձկաններու կողմէ իրականացուող ազգային հողի վրայ յանցագործութիւնները դիմագրաւելու համար», ըսաւ Էդուարդ Նալբանդեան:

Ան ընդգծեց, որ Միջին Արեւելքի մէջ բռնութիւնը չէ շրջանցած նաեւ սուրիահայութիւնը: «Այսօր հազարաւոր հայեր Միջին Արեւելքի միւս ժողովուրդներուն հետ միասին նորէն հարկադրուած են ձգելու իրենց բնակութեան վայրերը: Միայն Սուրիայէն աւելի քան 20 հազար հայորդիներ ապաստան գտած են Հայաստանի մէջ: Բնակչութեան թիւի յարաբերակցութեամբ այս ցուցանիշով Հայաստանը երրորդն է Եւրոպայի մէջ` Սուրիայէն գաղթականներ ընդունող երկիրներու շարքին: Այսպիսով, Հայաստանը իր փորձով գիտէ, թէ ի՛նչ կը նշանակէ ըլլալ գաղթական եւ ապաստան տալ տեղահանուածներուն», ըսաւ նախարարի պաշտօնակատարը: Ան ներկայացուց Հայաստանի մէջ սուրիահայութեան տրամադրուող աջակցութիւնները, ապաստանի հայցման, կեցութեան թոյլտուութեան եւ քաղաքացիութեան շնորհման դիւրացուած ընթացակարգերը` հաստատելով, որ Հայաստան յանձնառու է առաւելագոյնս նպաստել Սուրիոյ գաղթականներուն լուծելու իրենց առջեւ ծառացած խնդիրները: «Սակայն որեւէ պետութիւն ի վիճակի չէ մինակը ատիկա ընելու: Համոզուած ենք, որ աւելի լայն միջազգային համագործակցութիւն անհրաժեշտ է` ընդունող պետութիւններուն աջակցելու համար: Այս առումով, կ՛ողջունենք Գաղթականներու եւ արտերկրի մէջ աշխատողներու մասին Նիւ Եորքի հռչակագիրին ընդունումը եւ վստահ ենք, որ մեր հաւաքական յանձնառութիւններուն աւելի արդիւնաւէտ իրագործումը կրնայ իրապէս շահեկան ըլլալ գաղթականներուն համար», իր խօսքը եզրափակեց Էդուարդ Նալբանդեան:

Ժողովին զուգահեռ, նախարարի պաշտօնակատարը հանդիպումներ ունեցաւ Իրանի եւ Քանատայի իր պաշտօնակիցներուն, ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի Ընդհանուր քարտուղար Լամպերթօ Զանիերի հետ:

 

 

Նախորդը

Արժանթինի Քաթամարքա Նահանգը Ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մեկնեցաւ Հայաստան` Մասնակցելու Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան 25-Ամեակի Ձեռնարկներուն

RelatedPosts

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի  Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի  Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի  Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»

September 16, 2026
Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային  Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ  Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»
Հայկական

Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»

September 16, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.