ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Ձեր ընտանիքէն հեռանալ չէք փափաքիր, նոյնիսկ արտասահմանէն առաջարկուած փայլուն գործ մը կը մերժէք: Ընտանիքը սուրբ է ձեզի համար:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ձեր շնորհքներով անզգալաբար դուք ձեզ ձեր շրջապատին կը պարտադրէք: Ձեր բարեկամները առանց ձեր խորհուրդին ո՛չ մէկ քայլ կ՛առնեն: Անոնք ուրախ են ձեզմով:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Մտահոգութիւններ ունիք, որոնք երկար ժամանակէ ի վեր նեղութիւն կը պատճառեն ձեզի: Վստահելի բարեկամի մը արտայայտուելով` ձեր խաղաղութիւնը պիտի գտնէք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ընթրիքի մը պատրաստութիւնը պիտի կատարէք եւ հրաւիրէք ձեր բարեկամները, որոնք արդէն կը սպասէին: Շատ հաճելի ընթրիք մը պիտի վայելէք:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ընկերութեան մէջ մեծ գործեր վստահուած են ձեզի, որոնք խղճմտօրէն կը կատարէք եւ մեծ գոհունակութիւն ունիք: Այսօր անակնկալ հանդիպում մը ձեզ պիտի ուրախացնէ:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Արտասահմանէն սպասուած նամակ մը պիտի ստանաք, որմէ ետք ձեր կեանքը ամբողջովին պիտի փոխուի, եւ կարեւոր որոշումներ պիտի տաք:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Տարիներէ ի վեր դիզուած թուղթեր ունիք, որոնք կարգաւորման կը սպասեն: Ժամանակ տրամադրեցէք եւ դասաւորեցէք, որպէսզի կարենաք ձեր գործերը ընել:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Եթէ ամուսնացած էք, համերաշխ կեանք մը ունիք. ո՛չ մէկ ամպ ձեր վրայ: Եթէ ամուրի էք, ձեր աստղը պիտի փայլի եւ ձեր ապագան պիտի կերտէք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Շատ կ՛աշխատիք եւ յոգնած էք: Օրուան մէջ կարճ ժամանակ մը գտէք հանգստանալու, որպէսզի աշխուժութեամբ կատարէք ձեր գործը: Արդիւնք տալու համար պէտք է կայտառ ըլլալ:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Նոր պաշտօն մը պիտի ունենաք, որ շատ լաւ պիտի կատարէք, ինչ որ պիտի զարմացնէ ձեր շրջապատի անձերը: Վերջապէս ձեր սիրած ասպարէզին մէջ էք:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ծովու ճամբով շրջապտոյտ մը կատարել կ՛ուզէք, որ պիտի կատարէք, եւ որու ընթացքին անծանօթ անձերու պիտի ծանօթանաք, որոնց հետ սերտ բարեկամութիւն պիտի հաստատէք:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Բարձր երեւակայութիւն ունիք եւ ինչ բանի որ ձեռնարկէք, յաջողութեամբ կը կատարէք: Շատեր ձեր օգնութեան կը դիմեն եւ գոհ կը մնան ձեզմէ: