Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետը Յանձնարարած Է Կարելի Եղածին Չափ Նուազեցնել Ելեկտրականութեան Եւ Կազի Գիները

September 16, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

garen_91516

Հայաստանի վարչապետ Կարէն Կարապետեան իր պաշտօնը ստանձնելէն ետք 15 սեպտեմբերին առաջին անգամ ըլլալով վարած է Հայաստանի կառավարութեան հերթական նիստը:

Նախքան նիստի օրակարգային հարցերու քննարկումը Հայաստանի վարչապետը կատարած է հետեւեալ յայտարարութիւնը. «Առաջինը. շատ կը խօսուի հանրութիւնը բաւական հետաքրքրող նիւթի` փտածութեան  դէմ պայքարի մասին: Մենք կ՛աշխատինք, կը ստեղծենք համապատասխան նոր յանձնախումբեր, որպէսզի համադրեն այդ աշխատանքը: Բայց այս պահուն կ՛ուզեմ Պետական եկամուտներու կոմիտէին տալ յանձնարարական. նախ եւ առաջ մեր նախարարութիւնները պէտք է կատարեն իրենց գործառոյթները: Մեկնելով ատկէ` ապահովել ոչ կարգապահ եւ արտօնեալ ընկալուող խոշոր արտադրողներու եւ ներմուծողներու կողմէ հարկային կարգապահութեան անվերապահ կատարումը: Երկրորդ, հարկային ստուգումները պէտք է իրականացուին բացառապէս վտանգաւոր նկատուող կառոյցներու մէջ, փոքր եւ միջին ձեռնարկութիւններուն անդրադառնալ ծայրայեղ պարագաներու, մաքսային ծառայողներու կարելի առարկայական վարքագիծի բացառում եւ գործունէութեան թափանցիկութեան ապահովում: Աշխատակազմին` նախապատրաստել աւելի մանրամասն յանձնարարական, բայց այս գործողութիւնները, պարո՛ն Յովսէփեան, դուք պէտք է կատարէք առանց գործառնութիւններու համար խոչընդոտ ստեղծելու: Որեւէ ձեւակերպում, որեւէ ստուգում պէտք չէ խանգարէ իրենց ամէնօրեայ գործունէութիւնը:

«Երկրորդը` ընկերային բաժինով. կ՛առաջարկեմ Հանրային ծառայութիւնները կարգաւորող յանձնախումբին, ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու, աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարներուն` միասին քննարկել եւ առաջարկներ ներկայացնել կազի եւ ուժանիւթի սակագնային քաղաքականութեան վերատեսութեան մասին: Խօսքը կը վերաբերի այն աշխատանքին, որ առաւելագոյն չափով պէտք է նուազեցնել ընկերային գետնի վրայ անապահով խաւերու համար սահմանուած սակագինը` ի հաշիւ այլ սպառողներու, տրամաբանական: Ապահովել սակագիներու խթանիչ ազդեցութիւնը առեւտուրի, յատկապէս գիւղատնտեսութեան եւ վերամշակող ճիւղերու համար: Յանձնարարականը նոյնպէս պիտի ձեւակերպուի, ժամկէտները պիտի  սահմանուին: Այս ամէնը պէտք է ընել ոչ ի հաշիւ պիւտճէին, այլ ի հաշիւ տնտեսվարող կառոյցներու, որոնք այդ ծառայութիւնները կը մատուցեն»:

Նիստին ընթացքին քննարկուած է «Տեղական տուրքերու եւ վճարներու մասին» Հայաստանի օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ եւ լրացում կատարելու վերաբերող օրէնքի նախագիծը, որ արժանացած է կառավարութեան համաձայնութեան: Օրինագիծով նախատեսուած փոփոխութիւնները եւ լրացումը կը վերաբերի առեւտուրի եւ ծառայութիւններու մատուցման մարզերուն մէջ գործունէութիւն կատարող փոքր եւ միջին ձեռնարկատէրերուն համար բարենպաստ պայմաններու ստեղծման:

Գործադիրը համաձայնութիւն տուած է նաեւ «Հայաստանի քրէական օրէնսգիրքին մէջ լրացումներ կատարելու մասին», «Վարչական իրաւախախտումներու վերաբերեալ Հայաստանի օրէնսգիրքին մէջ  լրացումներ կատարելու մասին» օրէնքներու նախագիծերուն:

Կառավարութիւնը համաձայն գտնուած է նաեւ պատմամշակութային յուշարձաններու պահպանութեան, օգտագործման եւ հանրահռչակման 2016-2020-ի ռազմավարութեան եւ նախաձեռնութիւններու ծրագիրին, որով նախատեսուած է ապահովել յուշարձաններու մարզի կառավարման մեքանիզմները, ստեղծել տեղեկատուական միասնական դաշտ, Հայաստանի պատմութեան եւ մշակոյթի անշարժ յուշարձաններու օրէնսդրութիւնը համապատասխանեցնել միջազգային չափանիշներուն, որուն շնորհիւ պիտի բարելաւուի վերահսկողութիւնը, պիտի դասաւորուին տարակարծութիւններ յառաջացնող խնդիրները: Կառավարութիւնը համաձայնութիւն տուած է նաեւ Հայաստանի մէջ դժուար կացութիւն դիմագրաւող երեխաներու խնամքի այլընտրանքային ծառայութիւններու համակարգի զարգացման հայեցակարգի գործադրութեան ծրագիրին:

 

Նախորդը

Մինասեան. «Համակարգային Փոփոխութիւններ Անհրաժեշտ Են, Նաեւ` Լիազօրութիւններու Յստակեցման Առումով»

Յաջորդը

Պաշտօնական Կառոյցներու Տեղքայլի Լոյսին Տակ. Միջազգային Զօրակցութեան Նախաքայլեր

RelatedPosts

Վանս Պաքուի Մէջ Քննարկած Է Գերիներու Ազատ Արձակման Հարցը
Գլխաւոր լուրեր

Վանս Պաքուի Մէջ Քննարկած Է Գերիներու Ազատ Արձակման Հարցը

February 12, 2026
Փելոսի. «Խորապէս Հիասթափեցնող Է, Թէեւ Ոչ Զարմանալի, Տեսնել, Որ Փոխնախագահ Վանս Կը Ջնջէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճշմարտութիւնը Ճանչցող Գրառումը»
Գլխաւոր լուրեր

Փելոսի. «Խորապէս Հիասթափեցնող Է, Թէեւ Ոչ Զարմանալի, Տեսնել, Որ Փոխնախագահ Վանս Կը Ջնջէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճշմարտութիւնը Ճանչցող Գրառումը»

February 12, 2026
Անդրադառնալով Վանսի Այցելութեան`  Փեսքով. «Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Գերիշխան Պետութիւններ Են Եւ Տարբեր Պետութիւններու Հետ Յարաբերութիւններ Մշակելու Գերիշխան Իրաւունք Ունին»
Հայկական

Անդրադառնալով Վանսի Այցելութեան` Փեսքով. «Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Գերիշխան Պետութիւններ Են Եւ Տարբեր Պետութիւններու Հետ Յարաբերութիւններ Մշակելու Գերիշխան Իրաւունք Ունին»

February 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.