Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուորլիք. «Արցախի Տագնապին Լուծումը Կ՛ենթադրէ Որոշ Տարածքներու Վերադարձը Ազրպէյճանին»

Սեպտեմբեր 16, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

warlick_91416

Ղարաբաղեան տագնապի լուծումը կ՛ենթադրէ որոշ տարածքներու վերադարձը Ազրպէյճանի վերահսկողութեան, Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակին դիմաց. «Ինթըրֆաքս»-ին տուած հարցազրոյցին ընթացքին այսպէս յայտարարած է ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիք` պատասխանելով այն հարցումին, թէ ի՞նչ է ղարաբաղեան տագնապի լուծման լաւագոյն ձեւը` ըստ Միացեալ Նահանգներուն: Ուորլիք աւելցուց. «Նոյնն է նաեւ ռուսական եւ ֆրանսական կողմերուն համար»:

«Ասիկա լուծման պայմաններէն է, բայց ոչ միակ պայմանը: Կան նաեւ գաղթականներու վերադարձ եւ միջազգային խաղաղարար ուժերու տեղակայում: Այս բոլոր տարրերը խաղաղ լուծման պայմաններ են եւ բոլորին յայտնի են: Մենք պէտք է աշխատինք կողմերուն հետ, որպէսզի այդ բոլոր պայմանները միաւորելու միջոց գտնենք եւ հասնինք խաղաղ լուծման», ըսած է ան` աւելցնելով. «Խաղաղ լուծման հասնելու փորձերը շատ երկար կը տեւեն եւ շատ ուժ կը խլեն: Տագնապը շատ երկար տեւած է: 20 տարուան ընթացքին բազմաթիւ մարդիկ զոհուած են: Բայց այդ տագնապը կարելի է լուծել: Մենք ունինք լուծման պայմաններ, որոնք յայտնի են բոլորիս, եւ անոնց մասին քննարկումներ կատարած ենք»:

Ուորլիք ընդգծած է, որ տագնապին կատարեալ լուծումը կ՛ենթադրէ յաղթողներու եւ պարտուողներու բացակայութիւն, եւ անիկա պէտք է շահեկան ըլլայ երկու կողմերուն համար: «Իբրեւ մէկը, որ բազմաթիւ տարիներ բանակցութիւններ վարած է այս հարցերով, կրնամ հաստատել, որ բանակցութիւնները չեն կրնար յաջողիլ, երբ կողմերէն մէկը զոհեր տայ եւ ստիպուած ըլլայ զիջումներ կատարելու: Բանակցութիւնները կը յաջողին, երբ երկու կողմերն ալ շահին: Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի բնակիչները, ինչպէս նաեւ ամբողջ շրջանը, արժանի են խաղաղութեան եւ ապահովութեան մէջ ապրելու», նշած է ան:

Ուորլիք նաեւ ըսած է, թէ Մոսկուայի մէջ համանախագահներուն եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումը «շատ արդիւնաւէտ էր»: «Մօտաւորապէս մէկ ժամ տեւած հանդիպման ընթացքին քննարկեցինք Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին խաղաղ լուծումը եւ հետագայ քայլերը: Կը գնահատենք Լաւրովը, որ այսքա՛ն երկար ժամանակ կը տրամադրէ այդ հարցի քննարկման», ըսած է ան եւ վստահեցուցած, թէ Ամերիկա միայն ինքնապաշտպանութեան համար զէնք կը տրամադրէ Հայաստանին ու Ազրպէյճանին, «այդ ալ` սահմանափակ քանակութեամբ»:

«Մենք Ազրպէյճանին չենք մատակարարեր յարձակողական զէնք, որ կրնայ օգտագործուիլ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի գօտիին մէջ», շեշտած է ան` աւելցնելով. «Սակայն Ազրպէյճանի վերաբերեալ մեր Քոնկրեսին կողմէ որոշում կայ, որ մեզի չ՛արտօներ մատակարարել զէնք, որ կրնայ օգտագործուիլ ղարաբաղեան տագնապին մէջ յարձակումի նպատակով: Այդպիսով, մենք զէնքի մատակարար չենք: Մենք կը կարծենք, որ ռազմավարական յարաբերութիւններ ունինք երկու երկիրներուն հետ», նշած է Ուորլիք:

Ան կը նշէ, որ այդպիսի բոլոր հարցերը կը քննարկեն Ֆրանսայի եւ Ռուսիոյ գործընկերներուն հետ: «Մենք շատ բաց կը համագործակցինք, մենք կը քննարկենք բոլոր նիւթերը, որոնք կը վերաբերին տագնապին: Ինչպէս արդէն ըսի` անոնք հարցեր են, ուր Ռուսիան ու Միացեալ Նահանգներ լիարժէք համաձայնութիւն ունին: Մենք միացեալ ջանքերով խաղաղ լուծման կը ձգտինք: Կը կարծեմ` արտաքին գործոց նախարար Քերրի նոյնպէս պիտի ըսէր, որ կը գնահատէ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ միացեալ աշխատանքը այդ տագնապի խաղաղ լուծման հասնելու ուղղութեամբ», նշած է ԵԱՀԿ-ի համանախագահը:

 

Նախորդը

Սահմանադրական Տեղքայլի Մթնոլորտին Մէջ. Քաղաքական Միջազգային Զօրակցութեան Նախանշաններ` Լիբանանին

Յաջորդը

Կեսարիոյ Եկեղեցին Մարզասրահէ Պիտի Վերածուի Գրադարանի

RelatedPosts

Պաքուի Մէջ Կը Շարունակուի  Հայ Գերիներու Դատավարութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Պաքուի Մէջ Աւարտած Է Արցախի Ռազմաքաղաքական Ղեկավարներու Եւ Միւս Գերիներու Դատավարութիւնը

Նոյեմբեր 1, 2025
«Զանգեզուրի Միջանցք»-ի Շինարարական Աշխատանքները Կը Մօտենան Աւարտին»  Կ՛ըսէ Հաճիեւ
Հայկական

«Զանգեզուրի Միջանցք»-ի Շինարարական Աշխատանքները Կը Մօտենան Աւարտին» Կ՛ըսէ Հաճիեւ

Նոյեմբեր 1, 2025
Անի Զալինեան` Նետերլանտներու  Խորհրդարանի Առաջին Հայ Երեսփոխանը
Հայկական

Անի Զալինեան` Նետերլանտներու Խորհրդարանի Առաջին Հայ Երեսփոխանը

Նոյեմբեր 1, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?