
Երէկ Հայաստանի Ազգային ժողովի նիստին ընթացքին պատգամաւորներն ու խմբակցութիւնները իրենց ելոյթներուն մէջ յայտնեցին իրենց կարծիքը գլխաւոր դատախազի թեկնածու Արթուր Դաւթեանի վերաբերեալ:
Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան իր ելոյթին մէջ նշեց, որ գլխաւոր դատախազի ընտրութիւնը չափազանց կարեւոր ընտրութիւն է, որ կը համընկնի երկրին մէջ տեղի ունեցող լրջագոյն փոփոխութիւններուն հետ, երբ կ՛ազդարարուի փոփոխութիւնները արագացնելու նոր որակական սկիզբի մասին:
Այդ շրջագիծին մէջ կը տեսնենք գլխաւոր դատախազի ընտրութիւնը, որ պիտի ունենայ պատմական առաքելութիւն` գործել նոր սահմանադրութեան համապատասխան: Արմէն Ռուստամեանի համոզումով գլխաւոր դատախազութիւնը նոյնպէս պէտք է անցնի նոր համակարգի, նոր քաղաքական յարաբերութիւններու, նոր խաղի կանոններու:
Պատգամաւորը շեշտեց, որ հասարակութեան մէջ կայ կուտակուած մեծ դժգոհութիւն եւ մարդիկ այլեւս չեն հաւատար խոստումներու, խօսքերու, եւ որ մարդիկ դրական փոփոխութիւնները այսօր կ՛ուզեն տեսնել: «Ինչ ալ ըսենք, հասարակութեան համար որեւէ երաշխիք պիտի չյառաջանայ, եթէ չտեսնեն ձեր քայլերը, եւ եթէ տեսնեն իրական քայլեր, որ մարդը եկած է սահմանադրութեան համապատասխան երկիրը փոխելու, արդարութիւնը վերականգնելու, ուրեմն ժողովուրդը շատ արագ կրնայ ատիկա գնահատել», ըսաւ Արմէն Ռուստամեան` յոյս յայտնելով, որ նոր գլխաւոր դատախազը պէտք է իրականացնէ քայլեր, որոնք կարելիութիւն պիտի տան սահուն անցում կատարել խորհրդարանական համակարգին:
Ըստ Ռուստամեանի, պէտք է ամբողջութեամբ վերանայուի դատախազութեան մասին օրէնքը, անիկա պէտք է համապատասխանեցուի նոր սահմանադրութեան:
Արմէն Ռուստամեան յաջողութիւն մաղթեց գլխաւոր դատախազի թեկնածուին` ըսելով, որ ՀՅԴ-ն կողմ պիտի քուէարկէ անոր ընտրութեան:


