
«Արմէնփրես»` վկայակոչելով ազրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութիւնը, կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի մէջ կաթողիկէ եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ Վլատիմիր Ֆեքեթէ Պաքուի մէջ յայտարարած է, որ Ֆրանչիսկոս պապը կը զօրակցի Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը դիւանագիտական ճամբով լուծման:
Ըստ անոր, կաթողիկէ եկեղեցին պատերազմի դէմ է եւ կը յորդորէ այսպիսի խնդիրները լուծել խաղաղ ճամբով` աւելցնելով նաեւ, որ կաթողիկէ եկեղեցին ուղղակի կերպով չի զբաղիր Լեռնային Ղարաբաղի տագնապով:
Ֆեքեթէ մերժած է պատասխանել այն հարցումին, թէ արդեօք ղարաբաղեան հիմնահարցը պիտի քննարկուի՞ Հռոմի եպիսկոպոսապետին` Պաքու կատարելիք այցելութեան ընթացքին:
Նախատեսուած է, որ Ֆրանչիսկոս պապը Ազրպէյճան այցելէ 2 հոկտեմբերին:


