Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ԾԵՐԱԿՈՅՏԸ ՀԱՍՏԱՏԵՑ ՀԵՖԸՐՆԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ԴԵՍՊԱՆԻ ՊԱՇՏՕՆԻՆ ՄԷՋ

September 29, 2011
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ճոն Հեֆըրն

Ուաշինկթընի Հայ դատի գրասենեակը հաղորդեց, որ ամերիկեան ծերակոյտը երեքշաբթի երեկոյեան միաձայնութեամբ հաստատեց Ճոն Հեֆըրնի անունը Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի պաշտօնին համար:

Պարաք Օպամայի վարչակազմը այս տարուան մայիսին առաջադրած էր ՕԹԱՆ-ի մէջ Միացեալ Նահանգներու առաքելութեան ղեկավարի տեղակալ Ճոն Հեֆըրնի թեկնածութիւնը Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի պաշտօնին համար: Իր հաստատման հարցով յուլիսին ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու հարցերով յանձնախումբին մէջ տեղի ունեցած լսումներուն ընթացքին` պատասխանելով հայամէտ ծերակուտական Ռոպըրթ Մենենտեսի հարցումին, Հեֆըրն խօսած էր Օսմանեան կայսրութեան մայրամուտին աւելի քան մէկուկէս միլիոն հայերու սպանութեան մասին, սակայն խուսափած էր այդ իրադարձութիւնները որակել իբրեւ ցեղասպանութիւն: Այսուհանդերձ 13 սեպտեմբերին ծերակոյտի յանձնախումբը հաւանութիւն տուած էր Հեֆըրնի նշանակման:

«Հիասթափուած մնալով հանդերձ ծերակոյտի հարցադրումներուն անոր տուած շարք մը պատասխաններէն, կ՛ակնկալենք յառաջիկայ ամիսներուն եւ տարիներուն աշխատիլ դեսպան Հեֆըրնի հետ` ընդլայնելու Միացեալ Նահանգներ-Հայաստան յարաբերութիւնները ընդհանուր արժէքներու եւ շահերու հիման վրայ, առանձնապէս կեդրոնանալով երկկողմանի առեւտուրի եւ ներդրումներու վրայ», ծերակոյտի լիագումար նիստին կողմէ Հեֆըրնի հաստատումէն ետք յայտարարեց Ուաշինկթընի Հայ դատի գրասենեակի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան:

Համբարեան նշեց, որ դեսպան Հեֆըրն կրնայ կարեւորագոյն դեր խաղալ Միացեալ Նահանգներ-Հայաստան երկկողմանի առեւտուրի ընդլայնման հարցին մէջ, որ տակաւին չի հասնիր տարեկան 200 միլիոն տոլարի: Այդ առնչութեամբ ան ընդգծեց Առեւտուրի եւ ներդրումներու շրջանակային համաձայնագիրի կնքման եւ Կրկնակի հարկման մասին համաձայնագիրի փոփոխութեան նշանակութիւնը: Ըստ անոր, ատիկա կարելիութիւն պիտի ընձեռէ յառաջիկայ հինգ տարիներուն ընթացքին երկու երկիրներուն միջեւ առեւտուրը հասցնելու տարեկան մէկ միլիառ տոլարի:

Հայ դատի գրասենեակը յայտնեց նաեւ, որ ծերակոյտի լիագումար նիստին ընթացքին Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի պաշտօնին համար Ֆրենսիս Ռիքարտոնէի հաստատման հարցի քննարկման օրը տակաւին նշանակուած չէ, մինչդեռ ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու հարցերով յանձնախումբը Հեֆըրնի եւ Ռիքարտոնէի թեկնածութիւններուն հաւանութիւն տուած էր նոյն օրը:

Ամերիկայի հայկական կազմակերպութիւնները դժգոհութեամբ ընդունեցին ծերակոյտի յանձնախումբին կողմէ Ռիքարտոնէի հաստատումը, քանի որ անոնց զայրացուցած էր աւելի կանուխ դիւանագէտին կատարած այն յայտարարութիւնը, որ մինչեւ 1915 թուական Թուրքիոյ մէջ գոյութիւն ունեցող 2000 քրիստոնէական եկեղեցիներուն մեծ մասը կը շարունակէ մինչեւ այսօր գործել:

Յանձնախումբին մէջ Ռիքարտոնէի թեկնածութեան դէմ քուէարկած են Ռոպըրթ Մենենտես, Պարպարա Պոքսըր եւ Ճիմ Ռիշ:

 

 

Նախորդը

ՊՐԱՅԶԱ ԿԸ ԲԱՑԱՌԷ ՂԱՐԱԲԱՂԵԱՆ ՏԱԳՆԱՊԻ ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ ԼՈՒԾՈՒՄԸ

Յաջորդը

ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱՍՏԻՃԱՆ ՊԱՇՏՕՆԱՏԱՐՆԵՐ ՊԻՏԻ ԱՅՑԵԼԵՆ ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԿՈՎԿԱՍ

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.