Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՌԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ Կ՛ԸՆԴՈՒՆԻ ԴԱՄԱՍԿՈՍԻ ՄԻՒՖԹԻՆ ԵՒ ԿԸ ՆԱԽԱԳԱՀԷ ՄԱՐՈՆԻ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՆԻՍՏԻՆ

September 29, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Դամասկոսի միւֆթին, դեսպան Ալի եւ Ռայի պատրիարքը

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ երեկոյեան ժամը 5:00-ին Պքերքէի մէջ ընդունեց Դամասկոսի միւֆթի շէյխ Ատնան Աֆիունին, որուն ընկերակցեցաւ սուրիացի իսլամ եւ քրիստոնեայ հոգեւորականներու պատուիրակութիւն մը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ալին:

Պատուիրակութիւնը շնորհաւորեց Ռայի պատրիարքը անոր յայտարարած կեցուածքներուն համար` հաստատելով, որ սուրիական պատուիրակութեան Լիբանան այցելութիւնը յատուկ Ռայի պատրիարքին համար է:

Մէկ ժամ տեւած հանդիպումէն ետք շէյխ Աֆիունի յայտնեց, որ հանդիպումը եղած է դրական եւ շինիչ:

Երեկոյեան Պքերքէի այցելուներէն եղաւ նաեւ Լիբանանի մէջ Մեծն Բրիտանիոյ դեսպան Թոմ Ֆլեչըր, որ Ռայի պատրիարքին հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Միւս կողմէ, Ռայի պատրիարքը երէկ առաւօտեան նախագահեց Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդի նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային հարցեր:

Նիստէն ետք Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նկատել տրուեցաւ, որ քրիստոնէական գոյութիւնը կարելի է օգտագործել միայն պաշտպանելու համար մարդը եւ անոր իրաւունքները, ինչպէս նաեւ ստեղծելու  մարդկային արժանիքներով` արդարութեամբ, ազատութեամբ, հաւասարութեամբ եւ արժանապատուութեամբ լեցուն ընկերային շրջանակներ:

Ազգային մակարդակին վրայ Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը հաստատեց, որ մարոնի պատրիարքները հինէն ի վեր նպաստած են Լիբանանի ազգային կեանքի գոյութեան եւ երկրին կազմաւորման, հետեւաբար` մարոնի պատրիարքութիւնը պիտի շարունակէ իր այդ պատասխանատու առաքելութիւնը ոչ միայն լիբանանեան մակարդակին վրայ, այլեւ` ամբողջ Արեւելքի մակարդակին վրայ:

Անդրադառնալով Ռայի պատրիարքին Ֆրանսա կատարած այցելութեան` հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ անիկա առիթ եղած է ֆրանսական իշխանութիւններուն հետ կարծիքներ փոխանակելու եւ յանդուգն ու քաջ կերպով պաշտպանելու ճշմարտութիւնը, ինչպէս նաեւ եղած է առիթ մը պահանջելու միջազգային հանրութենէն` ստանձնելու իր պարտականութիւնները` արդարութիւն ու հաւասարութիւն պարտադրելու եւ միջազգային բանաձեւերու գործադրութեան ընդմէջէն շրջանին մէջ խաղաղութիւն հաստատելու առումով:

Նշենք, որ Ռայի պատրիարքը յառաջիկայ շաբաթ, 1 հոկտեմբերին, հովուապետական այցելութեամբ մը պիտի մեկնի Միացեալ Նահանգներ: Կը նախատեսուի, որ Ռայի պատրիարքին այցելութիւնը տեւէ շուրջ երեք շաբաթ:

Նախորդը

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԵՑ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՄԻՒՖԹԻՆ

Յաջորդը

ՊԸՐՐԻ ԿԱՐԵՒՈՐ ԿԸ ՆԿԱՏԷ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՋՈՒՐԵՐՈՒՆ ՄԷՋ ԳՏՆՈՒՈՂ ՔԱՐԻՒՂԻ ԹՂԹԱԾՐԱՐԻՆ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄԸ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.