Ներքին Կեանք
Ելեկտրական Հոսանքը Անդադար
Կը Կտրուի Պէյրութի Մէջ
Երէկ իրիկուն ելեկտրական հոսանքը դարձեալ կտրուեցաւ Պէյրութի մէջ: Միայն Ռաս Պէյրութ, Համրա թաղերը, Պուրճի հրապարակը եւ Ռիատ Սոլհ հրապարակին մէկ մասը մութի մէջ չմնացին: Խանգարումը տեւեց երեք քառորդ ժամ:
Միւս կողմէ, կ՛իմանանք, թէ Լիբանանի ելեկտրականութեան գրասենեակին անձնակազմին սենտիքան կեդրոններու եւ թրանսֆորմասիոնի կայանին մէջ աշխատող բանուորներէն եւ մասնագէտներէն պիտի պահանջէ չենթարկուիլ բռնի աշխատանքի հրահանգին եւ դադրեցնել իրենց գործունէութիւնը: Սենտիքան այս որոշումը պիտի տայ ընդդիմանալու համար բռնագրաւման սկզբունքին:
Ուէյկան փողոցին մէջ քսակահատ մը 5000 լ. ոսկի կորզած է Մոհամետ Հալուանի անունով մարդէ մը:
Սին Էլ Ֆիլ Տըքուանիի մէջ, շինութեան մէջ եղող պենզինի կայան մը, որ կը պատկանէր Հասան Քայսիի, փուլ եկաւ: Սուրիացի երկու բանուորներ ծանրօրէն վիրաւորուեցան:
Լիբանանի մամլոյ սենտիքան, գործադուլի սպառնալիքով, 6 միլիոն լ. ոսկիի յատկացում կ՛ուզէ:
Մոնթեվերտիի անտառին մէջ հրդեհ ծագեցաւ երէկ: 12,000 քառ. մեթր տարածութեամբ շոճիի անտառ մը բոցերու ճարակ դարձաւ:
Հայ Դատի Հետապնդումը
Ճիշդ է` մենք ուժ չունինք մեր Դատը մեր ձեռքով տեսնելու, մեր ուժը բարոյական է: Մեր ուժը մեր իրաւունքին մէջ է: Բայց աշխարհի ո՞ր ժողովուրդը կրցած է իր դատին լուծում մը գտնել իր սեփական միջոցներով: Կամ ո՞ր ժողովուրդը կրցած է իր կամքը պարտադրել մեծերուն, ինչպէս` փոքրերուն ալ: Աշխարհի ներդաշնակութիւնը կը խախտի, եթէ ամէն մարդ իր ուզածը ընէ իր ուզած ձեւով:
Հրաժարիլ ազգային դատ հետապնդելէ` այս կը նշանակէ ընդունիլ, որ դատը արդար չէ, կամ` որ մենք իրաւունքներ չունինք, այլ ունինք միայն պարտաւորութիւններ:
Իրաւունքի հարցը ուժի հարց չէ, արդարութեան հարց է: Դատը արդա՞ր է, իրաւունքներդ հիմնաւո՞ր են, պահանջներդ համապատասխա՞ն են իրաւունքներուդ. մի՛ նահանջեր, մի՛ ընկրկիր, մի՛ երկմտիր: Կռուէ ուժերուդ եւ հնարաւորութիւններուդ առաւելագոյնովը եւ ամէն ինչ դիր նժարին մէջ: Օր մը պիտի լսուի ձայնդ, պիտի ճանչցուի իրաւունքներդ, պիտի ընդունուին պահանջներդ:
Այս ձեւով կռուեցան, այս ձեւով դատ վարեցին աշխարհի մեծ ու փոքր բոլոր ժողովուրդները: Եւ ի վերջոյ շահեցան: Եւ ի վերջոյ յաջողեցան: Դեռ երէկ հպատակ ժողովուրդները այսօր վեհապետ են: Հարկատու էին, գերիշխան դարձան: Եւ չմտածեցին իսկ, թէ կրնային ձախողիլ, կրնային պարտութեան մատնուիլ, արդէն փոքր` կրնային «յոյժ ընդ փոքու» սահմանուիլ:
Մենք Հայ դատ կը վարենք հինգ միլիոն հայերուն անունով: Եթէ քանի մը հարիւր վարանողներ կան, հաշուի չենք առներ: Պէտք չէ հաշուի առնենք: Հինգ միլիոն հայեր համաձայն են, որ մեր հողերը մեզի վերադարձուին: Ա՛ն, որ կ՛ըսէ` «Մեր հողե՜րը… մեր հողե՜րը…», անկասկած կը խօսի յանուն աշխարհացրիւ հայութեան, երկրէն ներս, թէ երկրէն դուրս: Խնդիրը պահանջողի անձին, անձերուն կամ անոնց տրուած, կամ չտրուած իրաւասութիւններուն շուրջ չի դառնար, այլ կը դառնայ պահանջին շուրջ, հետապնդուած Դատին շուրջ, մեր բռնագրաւուած հողերու վերադարձին շուրջ, մեր իրաւունքներուն ճանաչման եւ անոնց արդարութեան շուրջ:
Եթէ սոսկական հայ մը ելլէ եւ յայտարարէ, որ կը պահանջէ մեր բռնագրաւուած հողերուն վերադարձը յայսկոյս եւ յայնկոյս Արարատի, մենք այդ հայուն կու տանք հինգ միլիոն մարդու ձայն: Հինգ միլիոն հայու քուէ: Հինգ միլիոն հայ մարդու ուժ: Հասկնալի՞ է:
Մենք հաւատք ունինք մեր Դատին վրայ, մեր իրաւունքներուն վրայ, մեր պահանջներուն եւ ասոնց արդարութեան վրայ:
Մեզի պէս կը մտածէ եւ մեզի պէս կը զգայ երկրի ժողովուրդը: Աւելի ճիշդ` մենք կը մտածենք ու կը զգանք երկրի ժողովուրդին պէս: Եւ եթէ կան, որ մեր մէջ «փերեզակներ» միայն կը տեսնեն, թող յիշեն ու երբեք չմոռնան, որ անտարբեր կարծուած երկրի ժողովուրդը Մոսկուայի մէջ վար առնել տուաւ դրօշը թրքական դեսպանատան վրայէն: Ազատ երկիրներու մեր ազատ հայրենակիցները այդ արիութիւնը չունեցան: Այդ արիութիւնը ունեցաւ եւ զայն արժեցուց հայրենաբնակ մեր ժողովուրդը, որուն հաշուոյն մենք վախեր ու տարակոյսներ կը սնուցանէինք դուրսը:
Այդ ժողովուրդն էր, որ ոչ միայն դեսպանատան դրօշը վար առնել տուաւ, այլեւ վառ առաւ մեր երկրի թիւ 1 դահիճին վիթխարի արձանը: Մենք` դուրսեցիներս, կը վախնայինք իսկ մտածել այս մասին: Այդ վախը չունեցան ներսինները: Պատի՜ւ ու յարգա՛նք իրենց:
Հաւատացած ենք, որ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութիւնը նոյն եռանդով, նոյն հաւատքով, նոյն թափով ու ոգեւորութեամբ կը շարունակէ հետապնդել Հայ դատը, ուր որ կրնայ, ի՛նչ ձեւով որ կրնայ, ե՛րբ որ կրնայ: Թող ամէն մարդու համար հասկնալի դառնայ, որ Հայ դատը տէր ունի երկրէն ներս, ինչպէս երկրէն դուրս ալ: Ինչ որ չեն կրնար ընել ներսինները, պիտի ընեն դուրսինները: Եւ ինչ որ չեն կրնար ընել դուրսինները, պիտի ընեն ներսինները:
Մեր ձայնը, հինգ միլիոն հայու ձայնը, Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութեան հետ է:
Ամէն օրէնք իր բացառութիւնը ունի, այս հինգ միլիոնն ալ ի՛ր բացառութիւնը ունի. շատ-շատ քանի մը տասնեակ վարձկաններ, որոնք, եթէ տաս, կ՛առնեն, եթէ չտաս, պահանջելու քաջութիւնն իսկ չունին:
Եւ «Քարաւանները դեռ քայլում են»: Միշտ պիտի քայլեն` առանց ետ նայելու, առանց աջ կամ ձախ թեքելու: