ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Շատ կը հետաքրքրուիք օտար մշակոյթներով, ինչ որ ձեր գիտելիքները կը զարգացնէ: Այս սէրը ձեր հորիզոնները պիտի ընդարձակէ:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Եթէ ձեր մէկ ծրագիրը ձախողած է, ողբերգութեան մի՛ վերածէք: Յաջողութեան միայն մէկ ճամբայ չկայ, ուրիշ ծրագիրներ ունիք, որոնք կրնան յաջողիլ:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Այսօր օրը լաւ չէ կարեւոր ներդրումներ կատարելու համար: Համբերեցէք եւ ուրիշ օր աւելի յաջողութիւն կ՛ունենաք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Նոյնիսկ պզտիկ անհանգստութիւնները կը մտահոգեն ձեզ: Քիչ մը քաջ եղէք եւ գործնական, որպէսզի կարենաք ձեր նպատակներուն հասնիլ:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Յաջողելու համար հետապնդեցէք ձեր ծրագիրները: Միայն երազելը բաւական չէ, այլ պայքարիլ պէտք է անոնց իրականացման համար:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Անհասկացողութիւնները կը բարդանան ընտանիքէն ներս, նոյնիսկ կրնայ ժառանգութեան հարց ծագիլ: Հարցերը մեղմացնելու ջանացէք, որպէսզի համերաշխութիւն տիրէ:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ձեր ընտանիքին անդամները կարծէք ձեզմէ կախեալ են, եւ ձեր հեղինակութիւնը կարեւոր է: Զանոնք յուսախաբ մի՛ ընէք եւ պէտք եղածը կատարեցէք:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Հաշուեյարդար մը կատարեցէք ձեր գործերուն մէջ, որպէսզի գէշ անակնկալներ չունենաք եւ ըստ այնմ փոփոխութիւններ կատարեցէք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Պզտիկ մտահոգութիւններուն շատ կարեւորութիւն մի՛ տաք, եթէ սխալներ ըրած էք, սրբագրելը դժուար չէ: Աւելի ուշիմութեամբ կրնաք յաջողութիւն ունենալ:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Շաբաթավերջին ջանացէք լեռ բարձրանալ եւ բնութեան ծոցին մէջ ձեր հանգիստը փնտռեցէք, որպէսզի կարենաք լաւ աշխատիլ:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Եթէ նոր գործի մը մէջ դժուարութիւններու հանդիպիք, ձեր մտերիմ բարեկամներուն դիմեցէք, անոնք անշուշտ ձեզի օգտակար պիտի ըլլան:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Նոր գործի մը պիտի ձեռնարկէք, որ բաւական դժուարութիւն պիտի տայ ձեզի. սակայն ձեր յամառութեամբ եւ հետեւողականութեամբ անշուշտ պիտի յաջողիք: