Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Վերամուտ է: Բազմաթիւ աշակերտներ դարձեալ կ՛ուղղուին դէպի դպրոց, ուր անոնք պիտի գտնեն հին եւ նոր ընկերներ, իրարու հետ փոխանակեն արձակուրդի իրենց պատմութիւնները…
Սակայն Ֆրանսայի հիւսիսի գիւղերէն մէկուն աշակերտներուն վերամուտը ա՛լ աւելի իւրայատուկ եղաւ: Երբ աշակերտները դպրոց մտան, անոնք գտան մեծ եուրթ մը, Ասիոյ լեռներու բնակիչներուն կողմէ գործածուած մեծ աւանդական վրան մը:
700 բնակիչներով Պոէսըկեն գիւղին մէջ աշակերտներուն թիւը կը բարձրանայ: Դպրոցը պզտիկ է եւ, հետեւաբար, պէտք է նոր դասարան մը աւելցնել: Սակայն դժբախտաբար դպրոցը դասարան մը կառուցելու համար պէտք եղած դրամը չունի:
Հետեւաբար քաղաքապետը կը մտածէ եուրթ մը գնել: Եուրթը Մոնկոլիոյ եւ Կեդրոնական Ասիոյ թափառաշրջիկ ժողովուրդներուն աւանդական բնակարանն է: Այս վրանը բաւական մեծ է, եւ հոն դիւրութեամբ կը բաւէ ամբողջ դասարան մը` իր կազմածներով: Քաղաքապետը շատ ուրախ է իր գտած այս լուծումով, որովհետեւ այս վրանին ներկայութիւնը աշակերտներուն առիթը պիտի տայ ծանօթանալու ուրիշ մշակոյթներու:
Քիմիական Չորս Նոր Տարրերը
Վերջապէս Ունեցան Իրենց Անունները
Նիհոնիոմ, մոսքովիոմ, թենեսին եւ օկանեսոն: Ահա գիտնականներուն վերջերս գտած մեր աշխարհի 4 նոր քիմիական տարրերուն անունները: Անոնք կ՛աւելնան արդէն երկար ցանկի մը անուններուն վրայ…
* * *
Սկիզբը ամէն ինչ շատ պարզ էր: Մարդիկ կը կարծէին, թէ միայն չորս տարրեր գոյութիւն ունին` հողը, օդը, կրակը եւ ջուրը: Ասիկա գործնական էր միտքը պահելու համար: Սակայն գիտնականները մուտք գործեցին հարցին մէջ եւ անոնք գտան, որ այս նշանաւոր «տարրերը», տարրեր չէին, նիւթը բաղկացած էր մանր կտորներէ` հիւլէներէ, իսկ այս հիւլէները տեսակաւոր էին. կային երկաթի հիւլէները (fe), թթուածինի հիւլէները (օ), բնածուխի հիւլէները (c), ջրածինի հիւլէները (H) եւ այլն: Տեսակաւոր մետաղներ, հանքային նիւթեր եւ կազեր:
1869 թուականին Տիմիթրի Մենտելէյեզ կ՛որոշէ այս տարրերը զետեղել աղիւսակի մը մէջ` ըստ իրենց բաղադրութեան եւ քիմիական յատկութիւններուն: Այս աղիւսակին կազմուածքը շատ հետաքրքրական է. ան ո՛չ միայն կը զետեղէ մեզի արդէն ծանօթ տարրերը, այլ պարապ տուփիկներ կը նախատեսէ մեզի տակաւին անծանօթ, բայց վստահաբար գոյութիւն ունեցող ուրիշ տարրերու համար: Այս ձեւով յունուար 2016-ին հաստատուած է, որ ճափոնցի, ռուս եւ ամերիկացի գիտնականներ մինչեւ հիմա պակսող 4 նոր տարրեր. թիւ 113, 115, 117 եւ 118: Պէտք էր այս նոր տարրերուն անուններ գտնել:
* * *
Երբ այս յայտարարութիւնը կատարուեցաւ, համացանցին վրայ սկսան երեւիլ տեսակաւոր անուններու առաջարկներ:
Օրինակի համար, Մոթորհետ հեւի մեթըլի խումբին դեկտեմբեր 2015-ին մահացած երգիչ Լեմի Քիլմիսթըրի սիրահարները կ՛ուզէին, որ թիւ 115 տարրը կոչուի լեմիոմ (LM), որովհետեւ այս տարրը ծանր մետաղներու (անգլերէնով հեւի մեթըլ) խումբին կը պատկանի: Մինչ մարտ 2015-ին մահացած երեւակայական վէպերու հեղինակ Թերի Փրաչեթի գործերուն սիրահարները կը փափաքէին, որ թիւ 117 անուանի օքթարին (OC), որ «կախարդութեան գոյնն» է իրենց նախասիրած գրագէտին վէպերուն մէջ:
Անշուշտ այս բոլոր կարծիքները պարզապէս կարծիքներ էին: Քիմիագիտութեան միջազգային միութիւնը, որ հաստատած է այս չորս տարրերու գոյութիւնը, ունի շատ խիստ օրէնքներ` տարրերուն տրուելիք անուններուն վերաբերող: Անոնք պէտք է կապուած ըլլան աւանդութեան մը, աշխարհագրութեան կամ գիտնականի մը:
Ճափոնցի գիտնականները թիւ 113-ին համար առաջարկած են նիհոնիոմ (NH), Ճափոնի ճափոներէնով անունէն, «Նիհոն», յղած: Թիւ 115 տարրին անունը` մոսքովիոմ (MC), մեզի յիշեցնէ Ռուսիոյ մայրաքաղաք Մոսկուան, իսկ թիւ 117-ը` թէնէսին (TS)` Միացեալ Նահանգներու Թենեսի նահանգը: Վերջապէս թիւ 118 տարրը օկանէսոն (OG) անունը տրուած է իբրեւ մեծարանք ծագումով հայ, հիւլէական գիտութեան մասնագէտ, գիտնական Եուրի Ցոլաքովիչ Օկանէսիոնի (Յովհաննէսեան), որ մեծ աշխատանքներ կատարած է ծանր տարրերուն վրայ:
Անհաւատալի, Բայց Իրա՛ւ
– Կիտրոնը հին ժամանակներէն ի վեր գործածուած է նաեւ իբրեւ դեղ, մաքրող նիւթ եւ միջատներէն ձերբազատելու միջոց:
– Ֆրանսայի մէջ արգիլուած է խոզը Նափոլէոն անուանել:
– Ըստ անգլիական աւանդութեան, մայիս ամսուն ծնած կատուները մուկի լաւ որսորդ չեն ըլլար:
– Արեւու առաջին ակնոցները հնարուած են Չինաստանի մէջ, 12-րդ դարուն: Անոնք շինուած էին քուարցի կտորներէ:
– Պաղպաղակի ցպիկներով շինուած աշխարհի ամէնէն մեծ արձանը բաղկացած է 840 հազար փայտիկներէ: Անիկա կը ներկայացնէ Թայլանտի հսկայական քարտէս մը:
– Աշխարհի բնակչութեան նուազ քան 1 առ հարիւրը շէկ մազեր ունի:
– Ճատրակի խաղին մէջ առաջին չորս քայլերը խաղալու 318.979.564.000 տարբեր ձեւեր գոյութիւն ունին:
– Քալիֆորնիա նահանգը Միացեալ Նահանգներէն մէկը դարձաւ 8 սեպտեմբեր 1850-ին: Անոր անունը հաւանաբար յառաջացած է առասպելական Կուոզ թագուհի Քալաֆիայի անունէն:
– Վարդագոյն եւ նարնջագոյն շափիւղայ քարերէն մէկ քարը կրնայ արժել 1000 տոլար:
– Թենիսի նշանաւոր մարզիկ Սերենա Ուիլիամզ սկսած է թենիս խաղալ 3 տարեկանին:
– ՆԱՍԱ-ի գիտնականները Հրատ մոլորակին վրայ գտած են արեւակն յարգի քարէն:
– Աշնան տերեւներուն կարմիր գոյնը զանոնք կը պաշտպանէ արեւահար ըլլալէ:
– Նապաստակները գրեթէ 360 աստիճան տեսողութիւն ունին: Այսինքն անոնք կրնան գրեթէ բոլոր ուղղութիւններով տեսնել միաժամանակ:
– Ապրիլ եւ յուլիս ամիսները միշտ նոյն օրը կը սկսին:
– Թռչունի ձագուկները երգել կը սորվին, երբ անոնք տակաւին միայն 15 օրական են:
– 1800 թուականներուն աստղագէտ Ճէյքոպ Լեհման հաշուեց Զատիկի թուականը յաջորդ 20 հազար տարիներուն համար:
– Միացեալ Նահանգներու Ճորճիա նահանգին մէջ Կէյնսվիլ քաղաքը անուանուած է «Աշխարհի հաւի մայրաքաղաքը»: Հոն արգիլուած է տապկուած հաւի կտորները պատառաքաղով ուտել:
– Զերոյի գործածութեան առաջին փաստը արձանագրուած է 4000 տարի առաջ:
– 1997 թուականին գիտնականներ երկու խոզերու սորվեցուցին խաղալ վիտէօ պարզ խաղ մը:
– Հայքուն ճափոնական բանաստեղծութիւն մըն է, որ կազմուած է 17 վանկէ: Կ՛ըսուի, թէ անիկա ճիշդ չափն է բանաստեղծութիւնը մէկ շունչով արտասանելու համար:
Ինչպէ՞ս Կարելի Է Հետախուզել
Ծովերուն Խորերը
Սուզանաւերով
Մասնագէտները ովկիանոսներուն խորերը կը հետախուզեն փոքրիկ սուզանաւերով, մեքենաներով կամ ջուրին մակերեսին վրայ նաւու մը մէջէն ղեկավարուած մարդամեքենաներով` հասնելով մինչեւ 11 հազար մեթր խորութիւն:
Այս մեքենաները օժտուած են «ձեռքերով», որոնք կրնան հաւաքել աւազի, ժայռի կամ ջուրին մէջի մանրէներու նմուշներ` զանոնք ուսումնասիրելու համար:
Ինչպէ՞ս Ձուկերը Իրարու
Հետ Կը Հաղորդակցին
Իրարու հետ հաղորդակցելու համար ձուկերը կ՛արձակեն ձայներ, սակայն նաեւ` հոտեր: Անոնց թեփերուն տակ մորթը կ՛արտադրէ հոտաւէտ նիւթ մը. եթէ անոնք վիրաւոր են կամ խածուած, այս հոտը միւսներուն կ՛իմացնէ վտանգի մը ներկայութիւնը:
Բոլոր անասունները հոտերը կը գործածեն տեղեկութիւններ փոխանակելու համար:
Ժամանց


