«Արմէնփրես»` յղում կատարելով Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական կայքին, կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով 8 սեպտեմբերին հանդիպում ունեցած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն եւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հարցով ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիքի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հետ կապուած հարցեր, որոնց շարքին` Վիեննայի եւ Ս. Փեթերսպուրկի մէջ տեղի ունեցած վեհաժողովներուն ընթացքին ձեռք բերուած համաձայնութիւններու իրագործման ընթացքը:
Քննարկուած է նաեւ Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանին եւ Արցախ-Ազրպէյճան շփման գիծին վրայ տիրող իրավիճակը: