«Մետիամաքս» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Երուսաղէմի Հայ դատի յանձնախումբի գրասենեակի ղեկավար Ժորժեթա Աւագեան կը յայտնէ, թէ Իսրայէլի կառավարութիւնը կը շարունակէ ճնշում բանեցնել խորհրդարանի անդամներուն վրայ` Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման գծով:
«Կ՛ակնկալուի, որ նոյեմբերին Իսրայէլի խորհրդարանականները անգամ մը եւս քննարկեն Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող եւ դատապարտող բանաձեւը: Քնեսեթի (խորհրդարան) անդամներէն շատերը կը յայտնեն, թէ կ՛ընդունին Հայոց ցեղասպանութիւնը, բայց կառավարութիւնը իրենց վրայ ճնշում կը գործադրէ, եւ այդ պատճառով ալ կը վախնան», կ՛ըսէ Աւագեան:
«Այսօր մեծագոյն խնդիրը կը յառաջացնէ Ազրպէյճանը, մանաւանդ որ Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Աւիկտոր Լիպերման շատ սերտ կապեր ունի Պաքուի հետ: Լիպերմանն է, որ մեծապէս կը խոչընդոտէ մեր աշխատանքը: Եթէ այլ երկիրներու մէջ Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցով խոչընդոտներ կը դնէ Թուրքիան, ապա հոս Թուրքիա գրեթէ ոչինչ կ՛ընէ, քանի որ իր բարեկամ Ազրպէյճանը արդէն իսկ մեծ ազդեցութիւն ունի», կ՛աւելցնէ ան:
Միաժամանակ, Հայ դատի գրասենեակի ներկայացուցիչը յոյս յայտնած է, որ Իսրայէլի խորհրդարանականները այս անգամ «յաջողին ճիշդ ելք գտնել ստեղծուած իրավիճակէն»:
«Կը յուսամ, որ ներկայացուած բանաձեւը գոնէ այս անգամ կը վաւերացուի, քանի որ Իսրայէլի բնակչութեան մեծամասնութիւնը` մօտաւորապէս 80 առ հարիւրը, կ՛ըսէ, թէ ամօթ է, որ Իսրայէլ մինչեւ այսօր չէ ճանչցած եւ դատապարտած Հայոց ցեղասպանութիւնը», կը յայտնէ Աւագեան` աւելցնելով, որ երբ Իսրայէլ ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը, շատ երկիրներ եւս, յատկապէս Միացեալ Նահանգները, պիտի հետեւին անոր օրինակին:
Նշենք, որ Իսրայէլի խորհրդարանի կրթութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան յանձնախումբը 1 օգոստոսին պաշտօնապէս ճանչցաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը: