7 սեպտեմբերին Հայաստանի տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարարութեան այցելած են Ռուսիոյ կառավարութեան պատուիրակութիւնը` Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան միջազգային կազմակերպութիւններու բաժանմունքի փոխտնօրէն Տմիթրի Մաքսիմիչեւի գլխաւորութեամբ, եւ ՄԱԿ-ի հայաստանեան գրասենեակի պատուիրակութիւնը` ՄԱԿ-ի մնայուն համակարգող, ՄԱԿ-ի զարգացման ծրագիրի մնայուն ներկայացուցիչ Պրետլի Պուզեթոյի գլխաւորութեամբ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են Հայաստանի շրջաններուն մէջ իրականացուող «Համարկուած աջակցութիւն գիւղական համայնքներու զարգացման. համայնքներու դիմակայունութեան ամրապնդում ծրագիր»-ի ընթացքին եւ նոր սկսող «Գիւղական զբօսաշրջութեան համարկուած զարգացում ծրագիր»-ի իրականացման վերաբերող հարցեր: Անոնք իրականութիւն կը դառնան ՄԱԿ-ի զարգացման ծրագիրին կողմէ` Հայաստանի տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարարութեան հետ սերտ համագործակցութեամբ, Ռուսիոյ կառավարութեան ֆինանսաւորումով, անոնց նպատակն է մարզերուն մէջ գիւղական աղքատութեան նուազումն ու կայուն տնտեսական եկամուտներու ստեղծումը:
Հիւրերը գոհունակութեամբ նշած են, որ առաջին ծրագիրը յաջողութեամբ պսակուած է` տեղեկացնելով, որ նախորդ օրը Տաւուշի մարզ կատարած իրենց այցելութեան ընթացքին ծանօթացած են ծրագիրին արդիւնքներուն: Անոնք վստահութիւն յայտնած են, որ նոր սկսող «Գիւղական զբօսաշրջութեան համարկուած զարգացում» ծրագիրը պիտի իրականացուի նոյնքան արդիւնաւէտ կերպով եւ դրական անդրադարձ պիտի ունենայ գիւղական շրջաններու զարգացման վրայ:
Այնուհետեւ ՄԱԿ-ի հայաստանեան գրասենեակին եւ Հայաստանի տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարարութեան միջեւ ստորագրուած է «Գիւղական զբօսաշրջութեան համարկուած զարգացում» ծրագիրին սկիզբը ազդարարող փաստաթուղթը` տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարար Դաւիթ Լոքեանի եւ Պրետլի Պուզեթոյի ձեռամբ:
«Այսօր մենք կը սկսինք Հայաստանի գիւղական վայրերու համար շատ կարեւոր ծրագիր մը, որ լուրջ հեռանկար ունի Հայաստանի մէջ: Գիւղական բնակավայրեր, համայնքներ, շատ տարածքներ տարիներով, իբրեւ հիմնական գործունէութեան ուղղութիւն եւ եկամուտի աղբիւր ունեցած են միայն գիւղատնտեսութիւնը, ինչ որ բաւարար չի կրնար ըլլալ, չի կրնար ապահովել տուեալ բնակչութեան զարգացման, բնական ապրելակերպի կարելիութիւնը: Այսօր այս ծրագիրը կու գայ լրացնելու Հայաստանի շուրջ 60 գիւղական համայնքներու կարողութիւնները, եւ կը դառնայ լրացուցիչ եկամուտ տուեալ բնակիչներուն համար, գիւղական շրջանները կը դառնան տուեալ տարածքի բնակչութեան կողմէ արտադրուած սննդամթերքի սպառման եւ այլ ծառայութիւններու մատուցման վայր: Հայաստանի գիւղական վայրերու մեծ հատուած մը օժտուած է զբօսաշրջութեան մարզի լուրջ կարելիութիւններով, որոնք տակաւին բացայայտուած չեն: Եւ այն կարելիութիւնը, որ կրնայ այս ծրագիրը ստեղծել, շատ մեծ հեռանկար ունի», նշած է նախարար Դաւիթ Լոքեան:
Պրետլի Պուզեթօ ընդգծած է, որ Հայաստանի գիւղերուն մէջ կան իրենց ծրագիրի իրականացման համար անհրաժեշտ բոլոր բաղադրիչները: Պէտք է միայն գնահատել համայնքներուն կարիքներն ու ստեղծել մատակարարման տեղական կառոյցներ, որոնք կարելիութիւն պիտի տան հոն պահելու զբօսաշրջութենէն ստացուած օգուտները: Ծրագիրը պիտի իրականացուի Հայաստանի 60 համայնքի մէջ: