Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շաւարշ Քոչարեան Լուրջ Ակնկալութիւններ Չունի Մինսքի Խմբակի Համանախագահներուն Յառաջիկայ Հանդիպումէն

September 7, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Shavarsh-Kocharian_90616

Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Շաւարշ Քոչարեան Ազգային ժողովին մէջ լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ լուրջ ակնկալութիւններ չունի Մոսկուայի մէջ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն յառաջիկայ հանդիպումէն: Ան նկատել տուաւ, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման առումով յառաջընթաց չ՛արձանագրուիր շատ պարզ պատճառով` կողմերէն Ազրպէյճանը նոյնիսկ սեղանին շուրջ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները կոպիտ կերպով կը խախտէ:

«Աւելի քան քսան տարիէ ի վեր մենք այս հոլովոյթին մէջ ենք: Պարբերաբար տեղի կ՛ունենան հանդիպումներ, բայց բոլորդ գիտէք, որ Ազրպէյճանը կը խախտէ նոյնիսկ այն պայմանաւորուածութիւնները, որոնք սեղանին շուրջ ձեռք բերուած են: Ըսուածին վառ վկայութիւնը Վիեննայի եւ Ս. Փեթերսպուրկի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումներն են, որոնց ընթացքին  պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է` շփման գիծին մէջ կայունութիւն պահպանել, սակայն իրականութեան մէջ Ազրպէյճանը, ըստ էութեան, կը խախտէ պայմանաւորուածութիւնները», ըսաւ Քոչարեան` նշելով, թէ ինքնին այս հարցին շուրջ ալ տարբեր առիթներով քննարկում կայացած է:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ի՞նչ ակնկալութիւններ կան յառաջիկայ հանդիպումէն` Շաւարշ Քոչարեան ըսաւ. «Ի՞նչ ակնկալութիւններ, երբ նոյն հոլովոյթին մէջ ենք աւելի քան քսան տարիէ ի վեր: Ակնկալիք կրնայ ըլլալ այն պարագային, երբ Ազրպէյճանը փոխէ իր ապակառուցողական մօտեցումը: Տրամաբանական է. քանի կը կրակեն, քանի կը սադրեն, անկարելի է լուծման շուրջ բանակցութիւններուն մէջ յառաջընթաց արձանագրել»: Լրագրողները փոխնախարարէն հետաքրքրուեցան նաեւ քաղաքագէտ Ստեփան Գրիգորեանի` Ռուսիա մուտքի արգելքին մասին:

«Որեւէ երկրի իրաւունքն է առանց որեւէ բացատրութեան համապատասխան քայլեր կիրարկել, ատիկա Վիեննայի ուխտէն կը  բխի, բայց այս դէպքը արտառոց է այն առումով, որ առաջին անգամ է, որ Հայաստան-Ռուսիա յարաբերութիւններուն մէջ այդպիսի բան տեղի կ՛ունենայ, այդ իսկ պատճառով մենք դիմած ենք Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւն եւ կը սպասենք համապատասխան գործողութիւններու», ըսաւ Քոչարեան:

Խօսելով Հայաստանի եւ Արցախի միջեւ զինուորական փոխօգնութեան համաձայնագիրին մասին` Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալը նշեց. «Նախագիծը պատրաստ է, բայց ատիկա Արցախի եւ Հայաստանի բարձր ղեկավարութեան կողմէ որոշուելիք հարց է»:

Նախորդը

Ի Տարբերութիւն Խանական Ազրպէյճանի` Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Մէջ Կը Կառուցեն Ժողովրդավարական Երկիր

Յաջորդը

Աղբի Տագնապի Քննարկում` Ներքին Գործոց Նախարարութեան Մէջ. Բագրատունի. «Մինչեւ Թաղման Վայրերու Հաստատում Պուրճ Համուտի Մէջ Աղբի Մթերումը Պիտի Կասեցուի, Իսկ Փողոցները Կուտակուած Աղբին Փոխադրութեան Պատասխանատու Չենք»

RelatedPosts

ՀՅԴ-ի Ներկայացուցիչները Այցելած Են  Հայաստանի Մէջ Իրանի Դեսպանատուն` Գրառում Կատարելով Սգամատեանին Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ-ի Ներկայացուցիչները Այցելած Են Հայաստանի Մէջ Իրանի Դեսպանատուն` Գրառում Կատարելով Սգամատեանին Մէջ

March 5, 2026
Հայ-Իրանական Սահմանը Նորտուզի Անցակէտէն  Փակ Է Քաղաքացիներուն Համար
Հայկական

Հայ-Իրանական Սահմանը Նորտուզի Անցակէտէն Փակ Է Քաղաքացիներուն Համար

March 5, 2026
Միրզոյեան Քալլասի Եւ Պարոյի Հետ  Քննարկած Է Միջին Արեւելքի Իրավիճակը
Գլխաւոր լուրեր

Միրզոյեան Քալլասի Եւ Պարոյի Հետ Քննարկած Է Միջին Արեւելքի Իրավիճակը

March 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.