Պելճիքայէն վեց երեսփոխաններ` Էլս Ֆան Հոֆ (դաշնակցային խորհրդարան, Պելճիքայի Հայաստանի եւ Վրաստանի հետ միջխորհրդարանական խումբի նախագահ, CD&V), Ժորժ Տալըման (դաշնակցային խորհրդարան, Պելճիքայի Հայաստանի եւ Վրաստանի հետ միջխորհրդարանական խումբի անդամ, CdH), Տաւիտ Քլարինվալ (դաշնակցային խորհրդարան, Պելճիքայի Հայաստանի եւ Վրաստանի հետ միջխորհրդարանական խումբի անդամ, MR), Զոյէ Ժենօ (Պրիւքսէլի շրջանային խորհրդարանի անդամ, «Էքոլօ» խմբակցութեան ղեկավար), Փոլ Տելվա (Պրիւքսէլի շրջանային խորհրդարանի անդամ, CD&V խմբակցութեան ղեկավար) եւ փրոֆեսէօր Սերժ Տը Փաթուլ (Պրիւքսէլի շրջանային խորհրդարան, DeFI)` ընկերակցութեամբ ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեանի եւ ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի գրասենեակի եւրոպական հարցերու պատասխանատու Հեղինէ էվինեանի, կը գտնուին Հայաստան եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն:
Այցելութեան առաջին օրը` 31 օգոստոսին, Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժանմունքի տնօրէն Նաթան արք. Յովհաննիսեան Էջմիածինի մէջ ընդունեց երեսփոխաններ Զոյէ Ժենոն եւ Փոլ Տելվան: Պատուիրակութեան անդամները նաեւ հանդիպումներ ունեցան «Մարդկային զարգացման միջազգային կեդրոն» եւ «Ռազմավարական եւ ազգային ուսումնասիրութեան կեդրոն» կազմակերպութեանց հետ, եւ առիթը ունեցան այցելելու պատմութեան թանգարանը:
1 սեպտեմբերին Պելճիքայի երեսփոխանական պատուիրակութիւնը այցելեց Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողով եւ տեսակցեցաւ Հայաստան – Պելճիքա բարեկամական խումբի ղեկավար Շիրակ Թորոսեանի եւ խումբի անդամներ Կարինէ Աճեմեանի, Էլինար Վարդանեանի եւ Արմէն Ռուստամեանի հետ: Արծարծուեցան Հայաստան – Պելճիքա յարաբերութիւնները, Հայոց ցեղասպանութիւնը, Արցախի հիմնահարցը եւ Հայաստանի մէջ մարդկային իրաւանց եւ ժողովրդավարականացման ընթացքը: Ապա` պելճիքացի երեսփոխանները հանդիպում ունեցան Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեանի հետ: Վերջինս կարեւոր նկատեց երկու երկիրներու միջեւ օրէնսդիր մարմիններու միջեւ համագործակցութիւնը, որ կը նպաստէ երկու երկիրներու միջեւ յարաբերութիւններու զարգացման: Գալուստ Սահակեան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց պելճիքացի երեսփոխաններուն յուլիս 2015-ին Պելճիքայի Ներկայացուցիչներու տան կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւի ընդունման համար:
Պելճիքացի երեսփոխանները ապա այցելեցին նախագահական պալատ եւ հանդիպում մը ունեցան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ: Երկու կողմերը կարեւոր նկատեցին խորհրդարանական աշխուժ աշխատանքը` յատկապէս բարեկամութեան խումբերու ծիրին մէջ, որ ինքնին կ՛ամրացնէ Հայաստանի եւ Պելճիքայի յարաբերութիւնները: Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը պատասխանելէ ետք երեսփոխաններու հարցերուն` պելճիքացի երեսփոխան Ժորժ Տալըմանը պարգեւատրած է «Երախտագիտութեան» մետալով:
Պատուիրակութիւնը աւելի ուշ այցելեց Ծիծեռնակաբերդ, ուր պելճիքացի երեսփոխանները մօտէն ծանօթացան Հայոց ցեղասպանութեան իրականութեան հետ:
Այժմ Պելճիքայէն պատուիրակութիւնը կը գտնուի Ստեփանակերտ, Արցախ: