Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ամէն Մարդու Իրաւունքը. Հայ Եկեղեցին Եւ Հայ Երիտասարդը Դէմ Առ Դէմ

Սեպտեմբեր 3, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

Church_90316

Իրաւունքի մասին խօսած կամ գրած ատեն մարդ կը շուարի, թէ ո՞ր իրաւունքի մասին պէտք է գրէ կամ խօսի: Որովհետեւ ամէն մարդ, ընդհանրապէս իրաւունքի մասին խօսելէ աւելի, իր սեփակա՛ն իրաւունքին պաշտպան փաստաբանը դարձած է ներկայ դարուս: Ասիկա բնական երեւոյթ է, եթէ անշուշտ իր սահմաններուն մէջ մնայ եւ չմտնէ ուրիշներուն սահմաններէն ներս: Որովհետեւ եթէ ոեւէ մէկը իր իրաւունքը չպաշտպանէ, կա՛մ անխելք կը համարուի, կա՛մ ալ քնացած մը, զոր պէտք է արթնցնել եւ օրուան պայմաններուն ծանօթացնելով` այժմէականացնել: Արթնութեան եւ զգաստութեան գլխաւոր փաստերէն մէկը սեփական իրաւունքի պաշտպանութեան համար մարդուն թափած ճիգն է:

Զարմանալի է, որ սեփական իրաւունք կը համարուի նաեւ երազելը: Գիշեր ատեն տեսնուած երազի մասին չէ՛ անշուշտ այստեղ խօսքը: Որովհետեւ կան շատե՜ր, որոնք երկար ժամանակ երազ չեն տեսներ: Իսկ երբ տեսնեն, բոլորին կը պատմեն, ուրախութեամբ անոր մանրամասնութիւններուն կ՛անդրադառնան, նոյնիսկ եթէ ուրիշներ վատ բովանդակութիւն եւ չարագուշակ իմաստ գտնեն անոր մէջ: Երկար ժամանակ երազ չտեսնողներէն շատեր նոյնիսկ չեն յիշեր իրենց տեսած երազը ու կ՛ափսոսան մեծ գանձ կորսնցուցած մարդու ափսոսանքով: Անոնք շատ կը փորձեն վերյիշել երազը, կը խօսին լուսափայլութեան մասին, որ թերեւս նմանութիւնը ըլլայ իրենց տեսածին, սակայն` ի զուր:

Երազելու երեւոյթը ոմանք կը շփոթեն երազկոտութեան հետ: Մինչ առաջինին բացատրութիւնը յստակ է, երկրորդինը երբեմն շուարած մարդու կացութեան հետ կը նոյնացուի: Մարդիկ երբ տեսնեն, թէ մէկը իր կանգնած տեղէն հեռուները կը դիտէ կամ պարզապէս նստած վիճակի մէջ իր աչքերը սեւեռած է մէկ ուղղութեան վրայ, կը սկսին անոր դէմքին դիմաց իրենց ափը շարժել` ուշքի հրաւիրելու համար երազկոտը: Անշուշտ կարելի չէ՛ ընդհանրացնել այս պատկերը եւ բոլոր երազկոտներուն կացութիւնը նոյնացնել: Որովհետեւ գիտութիւնը տարբեր բացատրութիւն ունի տալիք աչքը պահ մը անթարթ սեւեռողներուն համար, մտային գործունէութեան ակնթարթային սառեցումը այլ կերպ մեկնաբանելով: Անմիջական անցեալէն կամ մէկ վայրկեան առաջ պատահած դէպքի մը մեկնաբանութեան ժամանակ տրուած չըլլալուն պատճառով, երբեմն մարդկային ուղեղը աչքերու սեւեռումով կը փորձէ ետ երթալ ու վերլուծել տեղի ունեցածը: Կան աչքերու աւելի երկար ժամանակով սեւեռուած մնալուն տարբեր բացատրութիւններ ալ, որոնք կապ ունին մտային խանգարման երեւոյթներու հետ: Սակայն այդ ամէնը մեր գրութեան բուն նպատակէն դուրս կը մնան:

Երազել բայը մեր լեզուամտածողութեան մէջ ունի նաեւ հեռակայ նպատակներ իրականացնելու ձգտումի իմաստ: «Երազ մը ունիմ», «Միշտ կ՛երազեմ հասնիլ իմ նպատակիս», «Երազս անպայման պիտի իրականացնեմ», «Միայն թէ երազս իրականանայ… եւ այլ նախադասութիւններ յաճախ կը գործածենք, երբ մեր յառաջիկայ ծրագիրներու իրականացման համար խոր փափաք արտայայտելու կարիք ունենանք:

Աւելի՛ն. երազն ու երազելը նաեւ առնչութիւն ունին տեղի կամ վայրի հետ: Իրենց հայրենիքը, տունն ու տեղը կորսնցուցած մարդիկ ամբողջ կեանքի տեւողութեան կ՛երազեն զայն վերստին ունենալու, կամ այդ վայրը վերադառնալու մասին: Այս պարագային այդ վայրը` հայրենիքը, տունը կամ այգին, կը վերածուին երազի հայրենիքի, երազի տան կամ երազի այգիի: Ուրեմն, երազելը այստեղ նպատակ կ՛ունենայ վայր մը, որուն հասնելու համար իրենց գերագոյն ճիգը ի գործ կը դնեն մարդիկ: Երբեմն անզօր մնալով` անոնք լաւագոյն միջոց կը նկատեն երազելը, որուն ո՛չ ոք արգելք կրնայ հանդիսանալ: Երազի միջոցով մարդիկ կը թռչին հազարաւոր մղոններ, կ՛այցելեն իրենց հայրենի բնօրրանները, կը հաղորդուին անցեալին հետ, կը տեսնեն իրենց նախնիները, հոգեպէս կը գօտեպնդուին անոնց հաւատքով ու կը վերադառնան իրական կեանքի գիրկը: Ոմանք նոյնիսկ կ՛ափսոսան, երբ իրենց միտքի թռիչքով կատարած այս ճամբորդութիւնը իր աւարտին հասնի: Անոնք կ՛ուզեն այնտեղ մնալ եւ երբեք չվերադառնալ: Տեսած էք թերեւս մարդիկ, որոնք անցեալի պատմութեան յիշատակ մը ներկայացնող երգ կամ երաժշտութիւն լսած ժամանակ, միտքով կը տեղափոխուին դէպի անցեալի պատմութեան խորերը, կը մտնեն մագաղաթեայ դեղնաւուն էջերուն մէջ թաղուած դէպքերու ծալքերուն մէջ ու դարեր առաջ պատահած անցուդարձերուն հետ կ՛ապրին, կարծէք այդ օրերուն գոյութիւն ունեցած ըլլային իրենք… Վարդանանց ճակատամարտի մասին պատմող երգերը երգած կամ լսած ատեն նման զգացումներ չե՞նք ունենար: Մենք կայի՞նք այդ օրերուն: Բնականաբար ո՛չ: Սակայն ցերեկ աչքով իսկ կրնանք երազել այդ մասին եւ տեսնել նոյնիսկ քաջ Վարդանի սպիտակ ձին, արեւուն տակ շողացող թուրը, զարդանախշուն վահանը, կապարճն ու նետերը, տէգն ու նիզակը ու ի վերջոյ երազելու միջոցով կրնանք տեսնել անոր սուրբ նահատակութեան նուիրական պահը…

Այս բոլորէն անկախ, մեր ապագայ կեանքին համար երազելը, մեր  կեանքի հեռաւոր թէ մօտաւոր ապագային համար երազ մը ունենալը մեր մարդկային արդար իրաւունքն է: Ամէն մարդու արդար իրաւունքն է այս, եւ ո՛չ ոք կրնայ արգելք հանդիսանալ մեզի` երազելու մեր այս արարքին: Սակայն ասիկա բաւարար չէ՛: Միայն երազել չի՛ բաւեր, որովհետեւ կրնայ միայն աննիւթեղէն վայելք մը ըլլալ անիկա: Երեւակայական աշխարհի արժէքը բարձր գնահատող մարդոց համար կրնայ անգնահատելի արժէք ունենալ վայելքի այս պահը, սակայն իրապաշտ մարդոց կողմէ ատիկա կը գնահատուի իբրեւ ապարդիւն գործարք:

Երազը երազի սահմանին մէջ կը մնայ երազելով: Ասիկա իրապաշտ մարդոց կատարած հաստատումն է: Մարդուն երազը գործնականացուած եւ իրագործման փուլ անցած տեսնելու համար վերջիններս կ՛առաջարկեն անպայման նպատակ մը ունենալ երազելուն կողքին: Այդ նպատակն է, որ իրականացման պիտի մօտեցնէ երազը ու գործնական  միջոցները հայթայթէ անոր մարմնաւորման համար:

Երազի մէջ հեռո՜ւն, կամ հեռաւոր հորիզոնի մը վրայ երեւնալը շատ կը մօտենայ ու շօշափելի կը դառնայ, երբ անոր ընկերանայ նպատակը: Երազելու նպատակը այս կամ այն ծրագիրին իրականացումն է, այս կամ այն վայրին տիրանալն է, այս կամ այն անձը սիրաշահիլն է, կամ անոր սիրտը գրաւելը:

Իւրաքանչիւր անձ ինք իրե՛ն յատուկ երազներ կ՛ունենայ, ինչպէս նաեւ` իրեն յատուկ նպատակներ: Որքան մօտ ըլլան անոնք իրարու, այնքան աւելի հաւանականութիւն կ՛ըլլայ իրականացնելու տուեալ անձին երազը: Անյաջողութիւնը երազի մը իրականացման ճամբուն վրայ գրեթէ ամէնօրեայ երեւոյթ է: Եթէ համեմատական հաշիւ մը ուզենք հանել, պիտի տեսնենք, թէ աշխարհի մարդկութեան շատ քիչ տոկոսը կարողացած է իրականացնել իր երազը:

Երազելը իւրաքանչիւրիս իրաւունքն է, սակայն ամէն մէկ երազ հետապնդումի կարիք ունի: Իսկ հետապնդումը կը կատարուի` այդ երազին համար յստակ ծրագիր մշակելով: Այն ատեն միայն տուեալ երազը պիտի արժեւորուի ըստ արժանւոյն: Այլապէս սեփական վայելք մը պիտի մնայ անիկա ու երազողին հետ ալ մեռնի ու անյայտանայ: Երազի մը անմահութիւնը կը սկսի` անոր համար ծրագիր կազմելով, զայն հետապնդելով ու ի վերջոյ` այդ երազը իրականացնելով, բոլորին վայելքի առարկան դարձնելու համար զայն:

 

 

 

Նախորդը

Աշխարհի Ամէնէն Սուղ Ճաշարանը

Յաջորդը

«5-րդ Շարասեան» Նպատակը «Գունաւոր Յեղափոխութեան» Իրականացումը Չէ, Այլ` Ազգային Հիմքերի Խարխլումը

RelatedPosts

Մկրտիչ Եւ Լիանա Միքայէլեաններու Համերգը
Անդրադարձ

Մկրտիչ Եւ Լիանա Միքայէլեաններու Համերգը

Հոկտեմբեր 30, 2025
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Իրական Հայաստան Եւ Իրական Ամբարիշտներ

Հոկտեմբեր 29, 2025
Ընտրապայքարի Լուսանցքին Վրայ.  Ներազգային Անհանդուրժողութեան Եւ Պառակտումներու Հանդիսատեսի Ազատ Խոհեր
Անդրադարձ

Սփիւռքի Անելիքը Եւ Կարողականութիւնը

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?