Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պարտադրուած Իրաւազրկումը Շրջելու Կամքը (Արցախի Հանրապետութեան 25-Ամեակի Առիթով)

Սեպտեմբեր 2, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ

FotorCreated-3

«ՀՅ Դաշնակցութիւնը ԼՂՀ փաստացի սահմանները, ինչպէս նաեւ հիւսիսային Արցախի գրաւեալ շրջանները (Շահումեանի շրջան, Գետաշէն եւ Մարտունաշէն) կը համարէ ԼՂՀ անբաժանելի մասը»:

ՀՅԴ 32-րդ Ընդհանուր ժողով,
Յունուար 2015, Դիլիջան

Իրաւազրկումը չի կրնար անդարձ ըլլալ: Երբ գոյութիւն ունի կամքը, կարելի կը դառնայ նաեւ իրաւազրկումը շրջելու կարողականութիւնը: Քսան եւ հինգ տարիներ առաջ ինքզինք պարտադրեց այդ կամքը, կիրակուեցաւ կարողականութիւնը եւ շրջուեցաւ հայրենի հողերու մէկ մասին վրայ պարտադրուած իրաւազրկումը: Այս կամքը ծնունդ տուաւ Արցախի ազատ հանրապետութեան, որ իր հողով ու ժողովուրդով, հոգիով ու ծուծով անբաժան մասն է Հայաստանին:

Ասիկա երկար եւ դժուարին ճանապարհ մըն էր, լի` պատմական խաբկանքներով եւ մեծապետական սադրանքներով:

Իրողութիւնը այն էր, որ նորածին պոլշեւիկեան ծաւալապաշտական ձգտումներուն եւ հայութեան դէմ Թուրքիոյ քեմալական նենգ հաշիւներուն միջեւ մեր ժողովուրդը իր հայրենի հողերէն իրաւազրկելու իրավիճակ մը պարտադրուեցաւ:

Կովկասեան տարածաշրջանի մէջ խորհրդային պիտակի տակ նորաստեղծ կայսրութիւն մը եւ քեմալականութեան մակդիրի ներքեւ վախճանող կայսրութեան մը անդամահատման կասեցման հետամուտ շարժում մը միասնաբար քաղաքական առեւտուրի վերածած էին հազարամեակներով հայապատկան հողատարածքները: Այս նորելուկ երկու ուժերու քաղաքական սին հաշիւներով, հայութենէն խլուեցան Կարսն ու Արտահանը, Նախիջեւանը, եւ մանաւա՛նդ Արցախը:

Հայութեան հայրենի հողերու իրաւազրկման պարտադրանքը մինչեւ իսկ օրինականութեան շղարշումներով օժտուեցաւ` 1921-ի Մոսկուայի եւ Կարսի դաշնագրերով: Հակառակ այն իրողութեան, որ այս դաշնագրերը զուրկ էին որեւէ իրաւական հիմնաւորումէ եւ իբրեւ այդպիսին` անվաւեր էին եւ են միջազգային օրէնքի նորմերու համաձայն, պոլշեւիկեան եւ քեմալական հաշիւներու համընկնումով Կարսն ու Արտահանը վերածուեցան թրքապատկան հողամասերու, իսկ Նախիջեւանն ու Արցախը` իր դաշտային ու լեռնային տարածքներով, պարգեւ տրուեցան Ազրպէյճանին:

Սակայն նախ քան այդ խորհրդային իշխանութիւնները արար աշխարհին կը յայտարարէին, որ Արցախը խորհրդային Հայաստանին անբաժանելի մասն է: Հայաստանի խորհրդայնացումէն երկու օր անց ազգութիւններու կոմիսար Եոսիֆ Ստալին «Փրաւտա»-ի 2 դեկտեմբեր 1920 համարին մէջ կը գրէր. «Խորհրդային Ազրպէյճանը ինքնակամօրէն կը հրաժարի հիւսիսային շրջաններէն եւ կը յայտարարէ Զանգեզուրի, Նախիջեւանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի փոխանցումը Խորհրդային Հայաստանի»:

Այս «ուրախ» լուրը հաղորդելով` Ստալին կ՛եզրափակէր. «Դարաւոր թշնամանքը` որ կար Հայաստանի եւ զինք շրջապատող մահմետական երկիրներու միջեւ, վերջ գտաւ մէկ հարուածով` եղբայրական համերաշխութեան հաստատումով Հայաստանի, Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի աշխատաւորներու միջեւ»:

Հազիւ քանի մը ամիս ետք, մարտ 1921-ի Մոսկուայի դաշնագրով Ստալին հայապատկան հողերը զիջեցաւ Ազրպէյճանին: Ապա, նոյն տարուան հոկտեմբերին, Կարսի դաշնագրով խորհրդային Միութիւնն ու Թուրքիան վերահաստատեցին գրեթէ նոյնութեամբ Մոսկուայի դաշնագրի պայմանները:

Նոյն ժամանակներուն, 1920-ի դեկտեմբերին, Ազգերու լիկայի ենթայանձնախումբը քննելէ ետք Ղարաբաղի կացութիւնը, որոշում կայացուց, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ հակամարտութեան մինչեւ վերջնական կարգաւորումը, Ղարաբաղը կը ճանչնայ իբրեւ վիճելի տարածք, որուն վերջնական պատկանելիութիւնը պէտք է հիմնուի ազգագրական տուեալներու վրայ: Բոլոր կողմերը, ներառեալ` Ազրպէյճան, համաձայնեցան այս որոշումին:

Իր կարգին, հակառակ Մոսկուայի դաշնագրի պայմաններուն, Խորհրդային Հայաստանի եւ Խորհրդային Ազրպէյճանի կառավարութիւններուն միջեւ գոյացած համաձայնութեան հիմամբ, Հայաստան յունիս 1921-ին Լեռնային Ղարաբաղը յայտարարեց իր անբաժան մասը:

Այսուհանդերձ, Արցախի կարգավիճակի գծով որոշումներու յարափոփոխութիւնը  շարունակուեցաւ մէկ կողմէ քեմալական շարժման մէջ համայնավար գործընկեր տեսնելու պոլշեւիկեան ցնորքը եւ, միւս կողմէ, Հայաստանը տկար ու անճիտուած պահելու քեմալական նպատակներուն ընթացք տալու Մոսկուայի տրամադրութիւնները սակարկութեան նժարի վրայ կը պահէին Լեռնային Ղարաբաղի պատկանելիութեան խնդիրը: Յարափոփոխութեան ընթացքը աւարտեցաւ 1923-ին, երբ Ստալինի հաւանութեամբ որոշուեցաւ Ազրպէյճանի սահմաններէն ներս եւ Ազրպէյճանի վերահսկողութեան տակ Լեռնային Ղարաբաղը վերածել ինքնավար մարզի:

Երբ սեպտեմբեր 2-ին կը տօնենք Արցախի Հանրապետութեան հիմնադրման 25-ամեակը, չենք կրնար մտահան ընել այն քաղաքական սադրանքները, որոնց բովէն անցաւ Արցախը: Մեր ժողովուրդը կը գտնուէր պարտադրուած իրաւազրկումի մը դիմաց, ուր շրջանային ուժերու մեծապետական հաշիւներուն պատճառով դաշտային Արցախը յանձնուած էր Ազրպէյճանին, իսկ լեռնային Արցախը` ենթակայ նոյն երկրի վերահսկողութեան:

Մեր ժողովուրդը վճռեց վերացնել պարտադրուած իրաւազրկումը` նախ օրինական ճանապարհներով, ապա` ազգային ազատագրական պայքարով: Շնորհիւ այդ վճռական կամքին մենք վերջնականապէս շրջեցինք իրաւազրկման վիճակը: Այսօր ազատագրուած են Արցախի հազարամեայ դաշտային ու լեռնային տարածքներուն մեծ մասը: Անոնք նոր գիծերն են միացեալ Հայաստանին:

Ազատագրուած Արցախը ազատամարտիկներու արիւնով գծուած մեր նոր սահմաններն են: Անոնք անբաժանելի մասն են Արցախին եւ Հայաստանին: Անհպելի են այդ սահմանները:

Աւելի՛ն. այդ սահմանները կը պատգամեն, թէ մենք ունինք հողային իրաւազրկումը շրջելու կամքը, մենք կարող ենք ազատագրել մեր պապենական հողերը, մենք կարող ենք քայլ առ քայլ առաջ գնալ դէպի միացեալ Հայաստան:

 

 

 

Նախորդը

Մութի, Ցուրտի Եւ Յաղթանակի Ժամանակներն Էին. Հեռաւոր Յուշեր

Յաջորդը

Անդրադարձ. Արցախի Անկախութեան Հռչակագիրի 25-Ամեակը Եւ Միջազգային Ընտանիքը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Տօնին Առիթով

Հոկտեմբեր 15, 2025
Արցախեան Պայքարի 30՞, Թէ 100-ամեակ
Անդրադարձ

Մեր Ոտքերի Տակի Հողն Է Երերում, Իսկ Մենք Դեռ Պարում Ենք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?