«Տէօչէ Վելլէ»-ի թրքական ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆրանք Վալթեր Շթայնմայեր յայտարարած է, որ եթէ Թուրքիան շարունակէ արգիլել գերմանացի երեսփոխաններու մուտքը Ինճիրլիքի ռազմակայան, ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարելու նպատակով Ինճիրլիք գտնուող գերմանացի զինուորները պիտի հեռանան այդտեղէն:
«Որովհետեւ Ինճիրլիքի մէջ օտարերկրեայ զինուորական առաքելութիւններու հարցը կը հաստատէ դաշնակցային խորհրդարանը, ապա անհրաժեշտ է, որ երեսփոխանները կարենան այցելել առաքելութեան վայր», ըսած է Շթայնմայեր:
Ան մերժած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուի` Գերմանիոյ կառավարութեան կողմէ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւէն հրաժարելու վերաբերեալ պահանջը: «Չեմ կարծեր, որ ատիկա որեւէ կապ ունի խնդիրին հետ, եւ այս մասին ըսած եմ իմ թուրք գործընկերոջս», յայտարարած է Շթայնմայեր:
Չաւուշօղլու մէկ օր առաջ յայտարարած էր, որ Անգարա գերմանացի երեսփոխաններուն պիտի արտօնէ մուտք գործել Ինճիրլիք, երբ Գերմանիոյ կառավարութիւնը հրաժարի Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւէն: