Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի այսօր Սուրի մէջ պիտի նախագահէ իմամ Մուսա Սատըրի եւ անոր ընկերակիցներուն անյայտ կորսուելուն 38-ամեակին նուիրուած յիշատակի ձեռնարկին:
Միւս կողմէ, Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Էլիաս Ապու Սաապը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական բեմը յուզող հարցեր:
Հանդիպումէն ետք Ապու Սաապ յայտնեց, որ Պըրրիի փոխանցած է Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումին լրջութիւնը` կառավարութեան գումարած վերջին նիստին հանդէպ` աւելցնելով, որ այս իմաստով իրենք լուրջ որոշումներ կրնան տալ:
Ապու Սաապ յայտնեց, որ հարկ է մինչեւ 5 սեպտեմբեր` Ազգային երկխօսութեան նիստին թուականը, փաթեթային ծրագիրին շուրջ համաձայնութիւն գոյացնել, այլապէս պէտք է բարելաւել կառավարութեան աշխատանքը, որուն առնչութեամբ իրենք վճռակամ կեցուածք որդեգրած են:
Ապու Սաապ ընդգծեց, որ Պըրրի իրենց կեցուածքէն տեղեակ է եւ յանձնառու է, որ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերը մասնակցին կառավարութեան նիստերուն` աւելցնելով, որ եթէ իրենք նախարարաց խորհուրդէն բացակային, ապա կառավարութիւնը չի կրնար բնական կերպով գործել: