Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ Ռապիէի մէջ նախագահեց համախմբումի ընթացիկ նիստին:
Անկէ ետք համախմբումի անդամ երեսփոխան Ալեն Աուն յայտնեց, որ անհրաժեշտ է օրինական հասկացողութիւնները միախմբել` պահպանելու համար երկրին իսկական գործակցութիւնը:
Ան զգուշացուց, որ իրենք կը գտնուին Ազգային երկխօսութեան նիստին արժէքը կորսնցնելու եւ անոր կարիքը չունենալու սեմին, ինչպէս նաեւ պիտի ստիպուին պոյքոթի ենթարկել Ազգային երկխօսութեան նիստերուն իրենց մասնակցութիւնը:
Աուն յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահին բացակայութեան խորհրդարանի եւ կառավարութեան գործունէութիւնը օրինական բացատրութեան կը կարօտի:
Ան նշեց, որ անցեալ հինգշաբթի օր տեղի ունեցած կառավարութեան նիստին ընթացքին տրուած բոլոր որոշումները, որոնք բոլոր նախարարներուն ստորագրութեան կարիքը ունին` համախմբումին կողմէ պիտի վիճարկուին պետական Շաուրային մօտ:
Միւս կողմէ, Աուն շեշտեց, որ աղբի տագնապին լուծման առումով ելեւմուտքի եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական յանձնախումբը այսօր պիտի գումարէ անկիւնադարձային նիստ մը, ներկայութեամբ քաղաքապետութիւններուն, որպէսզի կարելի ըլլայ լուծել աղբի տագնապը եւ անցեալ տարուան իրավիճակին չվերադառնալ: Ան շեշտեց, որ Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը պէտք է պատասխանատուութեամբ վարուի: