
Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով «ՌԻԱ Նովոսթի»-ին յայտնած է, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին հրաժարած է Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ ֆութպոլի ազգային խումբերուն միջեւ 31 օգոստոսին Անթալիոյ մէջ տեղի ունենալիք բարեկամական մրցումը դիտելու համար Թուրքիա մեկնելէ:
Թրքական լրատուամիջոցներ նախապէս հաղորդած էին, որ Փութին Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ ներկայ պիտի գտնուի Անթալիոյ մէջ տեղի ունենալիք ֆութպոլի մրցումին:


