Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իրան Ռուսիոյ Մատակարարած «Էս-300»-ները Տեղադրած Է Հիւլէական Կայաններուն Մօտ

Օգոստոս 30, 2016
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

nuclear_82916

«Լենթա.ռու» կը գրէ, որ Իրանի հակաօդային պաշտպանութեան ուժերու հրամանատար Ֆարզատ Էսմայիլի 28 օգոստոսին Իրանի պետական պատկերասփիւռի կայանէն յայտարարած է, որ Ռուսիոյ կողմէ իր երկրին մատակարարուած «Էս-300» հակաօդային պաշտպանութեան համալիրները տեղակայուած են Ֆորտօ հիւլէական կայանի շրջանին մէջ:

Պատկերասփիւռի կայանը ցոյց տուած է Ֆորտոյի մօտ տեղակայուած համակարգերը:

Էսմայիլի նշած է, որ այժմ հիւլէական կայանը միշտ պաշտպանութեան տակ պիտի ըլլայ, ինչպէս նաեւ յայտարարած է, որ Իրանի երկինքը «շրջանին մէջ ամէնէն անվտանգներէն մէկն է»:

Նշենք, որ իրանեան «Թասնիմ» լրատու գործակալութիւնը երէկ հաղորդեց, որ ամերիկեան անօդաչու թռչող սարք մը բռնաբարած է Իրանի օդային սահմանը:

Կիրակի օր, Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէի յայտարարած էր, որ Միացեալ Նահանգներ փորձած են խանգարել Իրանի «Էս-300»-ներ ստանալու հարցը, որովհետեւ չեն ուզեր ճանչնալ Իրանի ինքնապաշտպանութեան իրաւունքը:

Իրանին ռուսական հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու մատակարարման համաձայնագիրը ուժի մէջ մտած է 2015-ի աշնան: Ապրիլ 2015-ին Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին ջնջած էր Իրանին «Էս-300»-ներու մատակարարման արգելքը:

Ան իր որոշումը հիմնաւորած էր իրանեան հիւլէական թղթածրարի հարցին շուրջ բանակցութիւններուն մէջ արձանագրուած զգալի յառաջընթացով:

Նախորդը

Իտալիոյ` Երկրաշարժէն Աւերուած Քաղաքներու Վերականգնումը Պիտի Սկսի Գարնան

Յաջորդը

Ամերիկեան Կործանիչներ Դարձեալ Հասաքէի Օդային Տարածքէն Վտարած Են Սուրիական Ռմբաձիգները

RelatedPosts

Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»
Գլխաւոր լուրեր

Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»
Գլխաւոր լուրեր

Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Ըստ Ամերիկացի Պաշտօնատարի Մը.   Թրամփի Եւ Ընի Միջեւ Ժողովի Գումարումը Ասիական Շրջապտոյտի «Օրակարգին Վրայ» Չէ
Միջազգային

Ըստ Ամերիկացի Պաշտօնատարի Մը. Թրամփի Եւ Ընի Միջեւ Ժողովի Գումարումը Ասիական Շրջապտոյտի «Օրակարգին Վրայ» Չէ

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?