Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տիգրանակերտի Օդակայանը Հրթիռային Յարձակման Թիրախ. Էրտողան. «Ամէն Ձեւով Պիտի Օգնենք ՏԱՀԵՇ-ը Սուրիայէն Դուրս Վտարելու»

August 29, 2016
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Erdogan_82816

«Ամէն   ձեւով պիտի նպաստենք Սուրիայէն վտարելու համար ՏԱՀԵՇ-ը», յայտարարեց Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան, երէկ Այնթէպի մէջ իր արտասանած խօսքին ընթացքին:

Սուրիական սահմաններուն մէջ թրքական ուժերու զինուորական ներխուժման գործողութեան հինգերորդ օրուան զուգադիպող իր այս յայտարարութեամբ Էրտողան շեշտեց, որ` «նոյն վճռակամութեամբ պիտի պայքարինք նաեւ Սուրիոյ Ժողովրդավարական միութիւն ահաբեկչական կուսակցութեան դէմ»` ակնարկելով Սուրիոյ հիւսիսը պայքարող քիւրտերու համակիր կուսակցութեան:

«Միութիւն եւ եղբայրութիւն» կարգախօսով կազմակերպուած ձեռնարկին արտասանած իր խօսքին մէջ Էրտողան յայտնեց, որ պիտի վաւերացնէ մահավճիռի օրէնքը, անմիջապէս որ խորհրդարանը հաւանութիւն տայ: Ժողովուրդը կ՛ուզէ վերակենդանացնել մահավճիռի օրէնքը, որուն վաւերացման գծով միակ իրաւասու կողմը խորհրդարանն է», ըսաւ ան` ընդգծելով, որ «Թուրքիա պիտի չընկրկի ահաբեկչութեան դէմ, ինչպէս որ չընկրկեցաւ անցեալին, եւ ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ ահաբեկիչները վտարելու Սուրիայէն»:

Տիգրանակերտի Օդակայանին Յարձակումը

Միւս կողմէ, թուրք-քիւրտ պայքարի շարունակուող գործողութեանց ծիրին մէջ Տիգրանակերտի օդակայանը փակուեցաւ, երբ անիկա թիրախ դարձաւ չորս հրթիռներու արձակման, ինչ որ խափանեց օդանաւորդութեան հեզասահ ընթացքը:

Թրքական «Հիւրրիյէթ» թերթը, որ հաղորդեց լուրը, օդակայանի պատասխանատուներուն վերագրելով իր տեղեկութիւնները, Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան վերագրեց յարձակումը:

Նշենք, որ այս դէպքը տեղի կ՛ունենայ դէպի Սուրիա թրքական զինուորական ներխուժման սկիզբէն քանի մը օրեր ետք:

Աւելի ուշ, թրքական ոստիկանութիւնը հետախուզական քննութիւն բացաւ  քրտական «Ազատիա Ուալաթ» թերթին դէմ:

 

Նախորդը

Մերքել Ծագումով Թուրք Գերմանացիներուն Կը Թելադրէ «Համարկուիլ»

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.