Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ՀԱԿԱԶԴԵՑՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՃԱՌՈՎ ԿԸ ՎԱԽՆԱՅ ՄԱԿ-Ի ԼԻԻՐԱՒ ԱՆԴԱՄԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՊԱՂԵՍՏԻՆԻ ԴԻՄՈՒՄԻՆ ԴԷՄ ՎԵԹՈՅԻ ԻՐԱՒՈՒՆՔԸ ՕԳՏԱԳՈՐԾԵԼԷ» Կ՛ԸՍԷ ԼԱՒՐՈՎ

September 28, 2011
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով «Ռուսիա 24» պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ «Միացեալ Նահանգներ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ ՄԱԿ-ի լիիրաւ անդամակցութեան իրաւունք ստանալու պաղեստինեան դիմումին շուրջ քուէարկութեան ընթացքին կը վախնայ վեթոյի իրաւունքը օգտագործելէ, որովհետեւ կը զգուշանայ արաբական երկիրներու զայրացկոտ հակազդեցութենէն, որ կրնայ արաբական աշխարհին հետ Ուաշինկթընի յարաբերութեանց վրայ ժխտական ազդեցութիւն ունենալ»:

Լաւրով նշեց, որ «ամերիկացիները չեն ուզեր, որ պայմանները իրենց «վեթոյի» իրաւունքը օգտագործել ստիպեն»` աւելցնելով, որ «միւս կողմէ, կրնանք երկու կողմերը հասկնալ. ամերիկացիները չեն ուզեր, որ այդ քայլը արաբական աշխարհի եւ ամբողջ իսլամական աշխարհին մէջ իրենց վարկին վնասէ: Եւ կրնանք պաղեստինցիները եւս հասկնալ. Միջին Արեւելքի խաղաղութեան հոլովոյթին մէջ որեւէ յառաջդիմութիւն չէ իրականացած»:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը ըսաւ, որ այդ հարցով բոլոր խոստումները, ներառեալ` Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի` ՄԱԿ-ի նախկին նստաշրջանին ընթացքին տուած այն խոստումը, թէ յառաջիկայ տարի Պաղեստին ՄԱԿ-ի անդամ պիտի յայտարարուի, պարզապէս խոստումներ մնացին:

Նշենք, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը երկուշաբթի օր մէկ ժամ տեւած քննարկումէ մը ետք, որոշեց Պաղեստինի լիիրաւ անդամակցութեան հարցը դարձեալ քննարկել այսօր` Պէյրութի ժամանակացոյցով`  կէսօրէ ետք ժամը 4:30-ին (իսկ Նիւ Եորքի ժամանակացոյցով` 9:30-ին) նիստի մը ընթացքին:

Նախորդը

ԹՐՔԱԿԱՆ ՆԱՒ ՄԸ ԿԻՊՐՈՍԻ ՄՕՏ ԲՆԱԿԱՆ ԿԱԶԻ ՓՆՏՌՏՈՒՔԻ ՍԿՍԱՒ

Յաջորդը

ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԻՆ ԸՆԹԱՑՔԻՆ ԱՀՄԱՏԻՆԵԺԱՏԸ ԶԳՈՒՇԱՑՆԵԼԷ ԵՏՔ «ՊԱՇՇԱՐ ԱՍԱՏԻ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԵՐԿԱՐԱՁԳՈՂ ՄԻԱԿ ԱԶԴԱԿԸ ԹԵՀՐԱՆՆ Է» Կ՛ԸՍԷ ԷՐՏՈՂԱՆ

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
Թրամփ-Շի Հանդիպում
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ-Շի Հանդիպում

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.