
Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու իսրայէլեան «Ճերուզալեմ Փոսթ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին «ամօթալի» նկատեց Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի այն յայտարարութիւնը, թէ Իսրայէլ « Ողջակիզումը շահագործելով հարիւր հազարաւոր պաղեստինցիներ կը սպաննէ»:
Նեթանիահու յայտնեց, որ այդ յայտարարութիւնը «սուտ եւ Իսրայէլը վարկաբեկող ամբաստանութիւն է եւ ճշմարտութեան հետ ոչ մէկ կապ ունի»: Ան աւելցուց, որ «ցաւ կը զգամ Թուրքիոյ ղեկավարին կողմէ այսպիսի յայտարարութիւններ լսելով: Մենք չենք շահագործեր Ողջակիզումը, որ մեր ժողովուրդին դէմ գործուած ամէնէն վատ ոճիրն էր»:
Միւս կողմէ, Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Աւիկտոր Լիպըրման Էրտողանի գլխաւորութեամբ թրքական ղեկավարութիւնը նկատեց «իսլամական ծայրայեղական ղեկավարութիւն մը, որ կը զօրակցի ահաբեկչութեան եւ զայն կը սնանէ»` վստահեցնելով, որ իսրայէլեան կառավարութիւնը թիկունք կը կանգնի թրքական «Մաւի Մարմարա» նաւուն դէմ յարձակումին մասնակցած իսրայէլացի զինուորներուն:


