Հայաստանի զինուած ուժերու հակաօդային պաշտպանութեան զօրքերու պետական-վարչութեան պետ, գնդապետ Արմէն Վարդանեանի գլխաւորած աշխատանքային խումբը 24 օգոստոսին մեկնած է Ղազախստան:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան համաձայն, Հայաստանի զինուած ուժերու պատուիրակութիւնը 24-26 օգոստոսին Ասթանայի մէջ պիտի մասնակցի ԱՊՀ մասնակից պետութիւններու պաշտպանութեան նախարարներու խորհուրդին առընթեր Հակաօդային պաշտպանութեան համադրման կոմիտէի հերթական նիստին եւ ռազմաօդային ուժերու հակաօդային, զենիթահրթիռային, օդատիեզերական պաշտպանութեան զօրքերու հրամանատարներու ուսումնամեթոտական հաւաքին: