Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

18 Սեպտեմբերին Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու Ընտրութիւններ 317 Համայնքներու Մէջ

August 25, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

dim_82416

18 սեպտեմբեր 2016-ին տեղական ինքնակառավարման մարմիններու  հերթական ընտրութիւններ նշանակուած են Արագածոտնի, Արարատի, Արմաւիրի, Սիւնիքի եւ Տաւուշի մարզերու թիւով 317 համայնքներու մէջ:

Հայաստանի Հանրապետութեան Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբի մամլոյ ծառայութենէն կը յայտնեն, որ նշուած համայնքներէն 22-ին մէջ տեղի պիտի ունենան միայն համայնքի ղեկավարի ընտրութիւններ, 80 համայնքի մէջ` միայն աւագանիի անդամի ընտրութիւններ, իսկ 215 համայնքի մէջ միաժամանակ տեղի պիտի ունենան համայնքի ղեկավարի եւ աւագանիի անդամի ընտրութիւններ:

Սահմանուած ժամկէտին մէջ իբրեւ համայնքի ղեկավարի թեկնածու  առաջադրուած էր 571 քաղաքացի, որոնցմէ 19-ը մինչեւ թեկնածուներու արձանագրութիւնը յետս կոչած են իրենց թեկնածութիւնը: Իբրեւ  աւագանիի անդամի թեկնածու առաջադրուած 2 հազար 842 քաղաքացիներէն արձանագրութեան փաստաթուղթերը քաշած են 17-ը:

24 օգոստոս 2016-ին` ժամը 18:00-ին, լրացած է թեկնածուներու արձանագրութեան ժամկէտը: Սահմանուած ժամկէտին մէջ համայնքի ղեկավարի 552 առաջադրուած թեկնածուներէն արձանագրուած են 548-ը. ընտրատարածքային ընտրական յանձնախումբերու կողմէ համայնքի ղեկավարի 4 թեկնածուներու արձանագրութիւնը մերժուած է արձանագրութեան փաստաթուղթերուն թերի ըլլալուն հիմքով: Աւագանիի անդամի բոլոր 2 հազար 825 առաջադրուած թեկնածուները արձանագրուած են:

24 օգոստոսին` ժամը 18:00-ին, լրացած է նաեւ Ազգային ժողովին մէջ  խմբակցութիւն ունեցող կուսակցութիւններու, կուսակցութիւններու  դաշինքի կողմէ 18 սեպտեմբերի ընտրութիւններուն Տեղամասային ընտրական յանձնախումբերուն մէջ անդամներ նշանակելու մասին դիմումները Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբին մէջ ներկայացնելու ժամկէտը: Ազգային ժողովին մէջ խմբակցութիւն ունեցող կուսակցութիւնները եւ կուսակցութիւններու դաշինքը սահմանուած կարգով Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբին ներկայացուցած են  իրենց դիմումները:

Հայաստանի Հանրապետական, Բարգաւաճ Հայաստան, Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն եւ Օրինաց երկիր կուսակցութիւններուն կողմէ նշանակումներ կատարուած են բոլոր 541 Տեղամասային ընտրական յանձնախումբերուն մէջ: Հայ ազգային քոնկրես կուսակցութիւններու դաշինքին կողմէ նշանակումներ չեն կատարուած 36 Տեղամասային ընտրական յանձնախումբերուն մէջ, իսկ Ժառանգութիւն կուսակցութեան կողմէ` մէկ տեղամասային ընտրական յանձնախումբի մէջ:

Տեղամասային ընտրական յանձնախումբերու անդամներու թափուր տեղերը սահմանուած կարգով եւ ժամկէտներու մէջ կը լրացուին համապատասխան ընտրատարածքային ընտրական յանձնախումբերու  նախագահներուն կողմէ:

 

 

Նախորդը

Ժառանգութիւն Կուսակցութեան Անդամ Յովսէփ Խուրշուդեան Ազատ Արձակուեցաւ

Յաջորդը

Հայաստանի Զինուած Ուժերու Պատուիրակութիւնը Մեկնած Է Ասթանա

RelatedPosts

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները  Հանդիպում Ունեցան Հայաստանի Մէջ Իրանի  Դեսպանին Եւ Եւրոպական Միութեան  Պատուիրակութեան Ղեկավարին Հետ
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Հանդիպում Ունեցան Հայաստանի Մէջ Իրանի Դեսպանին Եւ Եւրոպական Միութեան Պատուիրակութեան Ղեկավարին Հետ

October 13, 2026
Հայաստանի Ազգային Ժողովը  Վաւերացուց ՔՈՓ17-ի Համաձայնագիրը
Հայկական

Հայաստանի Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ՔՈՓ17-ի Համաձայնագիրը

October 13, 2026
Իշխան Սաղաթելեան Փարիզի Մէջ  Հանդիպում Ունեցաւ Օլիվիէ Ֆորի Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Իշխան Սաղաթելեան Փարիզի Մէջ Հանդիպում Ունեցաւ Օլիվիէ Ֆորի Հետ

October 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.