Երէկ երեկոյեան Հայաստանի Արաբկիր եւ Քանաքեռ-Զէյթուն վարչական շրջաններու ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի որոշումով, 1 միլիոն դրամի երաշխագինի դիմաց, Ժառանգութիւն կուսակցութեան անդամ Յովսէփ Խուրշուդեան ազատ արձակուեցաւ:
Աւելի կանուխ զանգուածային անկարգութիւններու մէջ մեղադրուող Խուրշուդեան դատարանին որոշումով դատապարտուած էր երկամսեայ կալանքի: