Գիւմրիի մէջ Աւետիսեաններու ընտանիքի եօթը անդամներուն սպանութեամբ մեղադրուող Վալերի Փերմեաքովի գործով վճիռը պիտի հրապարակուի 23 օգոստոսին` ժամը 12:00-ին:
19 օգոստոսին փաստաբան Էդուարդ Աղաջանեան հրապարակած է պաշտպանական ճառը, իսկ Փերմեաքով հրաժարած է վերջին խօսքի կարելիութենէն:
Յիշեցնենք, որ ռուսական կողմին յարուցած քրէական գործով Փերմեաքովը` դասալքութեան եւ զէնքի ապօրինի կրման համար, 12 օգոստոսին դատապարտուած է 10 տարուան բանտարկութեան:


