Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՆՇՄԱՐ. Ո՞ՒՐ ԵՆ ՀԱՅ ՄԱՐԶԻԿՆԵՐԸ

September 27, 2011
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ինչպէս ծանօթ է բոլորին, նախորդ շաբաթավերջին (23-25 սեպտեմբեր) Լիբանան հիւրընկալեց Արեւմտեան Ասիոյ աթլեթիզմի կրտսերներու (16-17 տարեկան) առաջին ախոյեանութեան մրցումները:

Նախքան մրցաշարքը սկսիլը, Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնը հրապարակեց Լիբանանի տղոց եւ աղջկանց հաւաքականներուն մարզիկներուն անունները, որոնք իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերէին այս ախոյեանութեան:

Օրին, «Ազդակ» իր կարգին հրապարակեց ցանկը այն բոլոր մասնակցողներուն, որոնք պիտի ներկայացնէին Լիբանանը:

Դժբախտաբար, սակայն, այդ զոյգ ցանկերուն մէջ (տղաք եւ աղջիկներ), նշուեցաւ միայն հայու մը անունը` Լորի Թաշճեան:

Արդեօք փափաքելի պիտի չըլլա՞ր այդ զոյգ ցանկերուն մէջ տեսնել հայերու այլ անուններ ալ, որոնք լիբանանահայ գաղութին ընդմէջէն պիտի ներկայացնէին Լիբանանը:

Այլ հայ մարզիկներու բացակայութիւնը պահ մը ենթադրել կու տայ երկու բան: Կա՛մ այն է, որ մարզիկներու ընտրութեան ընթացքին այլ հայեր չմիացան հաւաքականներուն, կա՛մ ալ պարզապէս հայ մարզիկներն ու աթլեթները ամբողջութեամբ հեռու են աթլեթիզմէն:

Ինչ ալ ըլլայ իրականութիւնը, երբեք ընդունելի պիտի չըլլայ, որ հայ մարզիկներ բացակային Լիբանանի աթլեթիզմի ազգային խումբերէն, այնպէս ինչպէս որ է պարագան ֆութպոլի եւ պասքեթպոլի (տղաք) ազգային խումբերուն, ուր տարիներէ ի վեր հայ մարզիկներու անունները չենք լսեր:

Արդեօք ինչո՞ւ պիտի պատահին այս բոլորը, երբ վստահաբար լաւ ձիրքեր եւ բացառիկ յատկութիւններ ունեցող մարզիկներ անկասկած կրնանք գտնել, անշուշտ եթէ այդ մէկը պրպտողներ ըլլան:

Ո՛վ պիտի ըլլայ այս աշխատանքը կատարողը, որպէսզի հայ մարզիկները հասնին ազգային խումբերուն եւ փաստեն, որ լիբանանահայութիւնը միշտ ալ մօտէն հետաքրքրուած է բոլոր տեսակի մարզաձեւերով: Ո՞ւր են հայ մարզիկները:

Արդեօք միայն Լորի Թաշճեանի ուսերուն վրա՞յ բեռցուած է ազգային խումբին ընդմէջէն լիբանանահայութիւնը ներկայացնելը այդ ախոյեանութեան ընթացքին:

Բնականաբար` ո՛չ:

Հետեւողական աշխատանքի եւ յարատեւ փորձերու շնորհիւ է, որ Լորի Թաշճեան այս բոլորը իրագործեց, որուն համար մեծապէս հպարտ են անոր ծնողները, որոնք միշտ ալ քաջալեր կը հանդիսանան անոր:

Փափաքելի է, որ հայ այլ մարզիկներ ալ բարի օրինակ առնեն Լորի Թաշճեանէն եւ իրենց կարգին պատուաբեր արդիւնքներ արձանագրելով բարձր պահեն լիբանանահայութեան անունը:

ՎԱՐԴԻՎԱՌ ԳԱՍԱՊԵԱՆ

Նախորդը

ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՍԻՈՅ ԱԹԼԵԹԻԶՄԻ ԿՐՏՍԵՐՆԵՐՈՒ ԱՌԱՋԻՆ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ. ԼԻԲԱՆԱՆ 18 ՄԵՏԱԼԻ ՏԻՐԱՆԱԼՈՎ ԳՐԱՒԵՑ ԴԱՍԱՒՈՐՄԱՆ ԵՐՐՈՐԴ ԴԻՐՔԸ

Յաջորդը

Օդերեւոյթ (28 սեպտեմբեր 2011)

RelatedPosts

Պէյրութ Մարաթոն Միութիւն.  Խալիլ Այցելեց Հայկական Համայնքական,  Կրթական Եւ Մարզամշակութային Կեդրոններ`  Կապերը Աւելի Եւս Ամրացնելու Համար
Մարզական

Պէյրութ Մարաթոն Միութիւն. Խալիլ Այցելեց Հայկական Համայնքական, Կրթական Եւ Մարզամշակութային Կեդրոններ` Կապերը Աւելի Եւս Ամրացնելու Համար

November 21, 2026
Բռնցքամարտ.  Յակոբեան Եւ Յովհաննիսեան`  Յաղթական
Մարզական

Բռնցքամարտ. Յակոբեան Եւ Յովհաննիսեան` Յաղթական

November 21, 2026
Ճիւտօ.  Շաւարշ Նահապետեան Աւարտեց  Իր Ելոյթները Աշխարհի Ախոյեանութեան
Մարզական

Ճիւտօ. Շաւարշ Նահապետեան Աւարտեց Իր Ելոյթները Աշխարհի Ախոյեանութեան

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.