Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիոյ Փոքրամասնութեանց Դէմ Ցեղապաշտական Քայլերուն Գծով Նամակ` Արդարադատութեան Նախարարին

Օգոստոս 19, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Dogan_81816

Իր 17 օգոստոսի թիւով «Մարմարա» կը գրէ, թէ վերջին շրջաններուն, փոքրամասնութիւններուն դէմ ցեղապաշտական դրսեւորումներուն եւ քայլերուն առաջքը առնելու նպատակով, ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան երկու երեսփոխաններ Զէյնեպ Ալթըօք եւ հայազգի Սելինա Տողան միասնաբար նամակ մը յղած են արդարադատութեան նախարար Պեքիր Պոզտաղին:

Նամակին մէջ երեսփոխանները դիտել կու տան, որ այս շրջանին, երբ այլախոհ կամ տարբեր դիրքորոշումներ ունեցող անձեր բանտ կ՛ուղարկուին, երբ նախագահին ուղղուած քննադատութիւններու համար դատեր կը բացուին, մաղթելի է եւ անհրաժեշտութիւն, որ անպայման որոշումներ ընդունուին` պատժելու համար այն անձերը կամ շրջանակները, որոնք ամբողջ հաւաքականութիւն մը կը նուաստացնեն եւ սպառնալիքներով լեցուն յայտարարութիւններ կը հրապարակեն անոր հասցէին:

Խնդրոյ առարկայ նուաստացումներուն եւ սպառնալիքներուն վերջին օրինակները եղած են Ս. Խաչ դպրեվանքի պատերուն վրայ գրուած սպառնական գրութիւնները, ինչպէս նաեւ` 15 յուլիսի զինուորական ձախող հարուածէն ետք կրօնական փոքրամասնութիւններուն դէմ ուղղուած հրապարակումներն ու յայտարարութիւնները:

Երեսփոխաններուն յղած նամակին մէջ գրուած է. «Ֆեթհուլլահ Կիւլենի մասին գրուեցաւ, որ հայկական ծագում ունի, եւ այդ պնդումներէն ետք, հայ փոքրամասնութիւնը իբրեւ թիրախ ցոյց տրուեցաւ` ճամբայ բանալով այլատեացութեան ու թշնամութեան: Կարգ մը շրջանակներ այդ պնդումներէն մեկնելով` սկսան սպառնալիքներ ուղղելու ո չիսլամներու: Սպառնալիքները հետզհետէ աւելի սաստկացան` գետին պատրաստելով վտանգաւոր զարգացումներու: Պնդուեցաւ, որ Կիւլեն քրիստոնեայ աշխարհին հետ կապեր ունի, տեսակցած է պապին հետ եւ կ՛աղօթէ հրեաներուն նման: Այսպիսի յերիւրածոյ պնդումներ խիստ վտանգաւոր են եւ մտահոգութիւն կը պատճառեն` նկատի ունենալով մանաւանդ անցեալի ցաւալի փորձութիւնները: Ընկերային ցանցերու մէջ հետզհետէ սաստկացող սպառնալիքները իրենց վերջին դրսեւորումը գտան հայկական վարժարանի մը պատերուն վրայ գրուած «Տանջա՛նք հայերուն. ձեզի Քիւրշաթի քէնը բերած եմ» խօսքերով:

«Փոքրամասնութիւնները, զինուորական հարուածի փորձէն ետք, իրենց հաւատարմութիւնն ու զօրակցութիւնը ցոյց տուին իշխանութիւններուն: Նաեւ եկեղեցիներուն եւ սինակոկներուն մէջ աղօթեցին նահատակներու հոգիներուն համար: Բայց այսպիսի վտանգաւոր զարգացումներ վնաս կը պատճառեն հասարակաց հաշտութեան: Կը յուսանք, որ արդարադատութեան նախարարը անպայմա՛ն մօտիկ հետաքրքրութիւն ցոյց կու տայ այս նիւթին նկատմամբ»:

 

 

Նախորդը

Զինուորական Նշանակումներուն Առումով Մուքպելի Առաջարկած Երեք Թեկնածուներուն Շուրջ Մեծամասնութիւն Չգոյացաւ

Յաջորդը

Արփինէ Յովհաննիսեան. «Փտածութեան Դէմ Պայքարի Առկայ Ձեւը Ունի Կարգ Մը Թերութիւններ»

RelatedPosts

Շինծու Գործերով Ձերբակալուած  ՀՅԴ Երիտասարդներու Փաստաբաններու  Մամլոյ Ասուլիսը
Գլխաւոր լուրեր

Շինծու Գործերով Ձերբակալուած ՀՅԴ Երիտասարդներու Փաստաբաններու Մամլոյ Ասուլիսը

Յուլիս 15, 2025
Թրամփ. «Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Տագնապը  Կարծես Թէ Կը Մօտենայ Յաջող Հանգուցալուծման»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Տագնապը Կարծես Թէ Կը Մօտենայ Յաջող Հանգուցալուծման»

Յուլիս 15, 2025
Եւրոպական Միութիւնը Կ՛ողջունէ Լեռնային  Ղարաբաղի Մէջ Զինուորական  Գործողութիւններու Դադրեցումը
Հայկական

Եւրոպական Միութեան Ղեկավարները Իրենց Աջակցութիւնը Յայտնած Են Հայաստանի Գերիշխանութեան, Տարածքային Ամբողջականութեան Եւ Ժողովրդավարական Բարեփոխումներուն

Յուլիս 15, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?