Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արփինէ Յովհաննիսեան. «Փտածութեան Դէմ Պայքարի Առկայ Ձեւը Ունի Կարգ Մը Թերութիւններ»

Օգոստոս 19, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Arpine-Hovhanissian_81816

18 օգոստոսի կառավարութեան նիստին Հայաստանի արդարադատութեան նախարար Արփինէ Յովհաննիսեան, վարչապետին յանձնարարականով, ներկայացուցած է մանրամասնութիւններ Փտածութեան դէմ պայքարի խորհուրդին կողմէ 15 եւ 17 յունիսին գումարուած նիստերուն քննարկուած բազմաթիւ հարցերուն եւ տրուած յանձնարարականներուն գործադրութեան վերաբերեալ:

«Հայաստանի մէջ փտածութեան դէմ պայքարին առկայ` ապակեդրոնացուած ձեւը ունի կարգ մը թերութիւններ, անոնք են` հաստատութենական եւ գործառոյթային անկախութեան բացակայութիւնը», հաստատած է նախարարը:

Ան դիտել տուած է, որ փտածութեան դէմ պայքարող մարմիններու գործունէութեան իրաւական հիմքը բազմաթիւ պարագաներու ենթաօրէնսդրական է, որոշ մարմիններու աշխատանքը մնայուն չէ: Առ այդ, ան անհրաժեշտ նկատած է համաշխարհային ձեւը որդեգրել կամ արմատական վերատեսութեան ենթարկել առկայ ձեւը:

Անդրադառնալով իրական սեփականատէրերու բացայայտման հիմնարկի ներդրման հարցին` նախարարը ըսած է. «Մենք որոշած ենք սկսիլ կարեւորագոյն մարզերէն` պետական գնումներու մարզէն. այն կազմակերպութիւնները, որոնք ցանկութիւն ունին մասնակցելու  պետական գնումներու հոլովոյթին, պէտք է բացայայտեն իրենց իրական սեփականատէրերը: Ընդ որում, բացայայտումը պէտք է իրականացուի ֆիզիքական անձերու մակարդակով, ոչ միայն համապատասխան բաժնեմաս ունեցող ընկերութիւններու մակարդակով: Իրական սեփականատէր ըսելով` կը հասկնանք այն անձերը, որոնք ընկերութեան մէջ ուղղակի կամ անուղղակի ձեւով ունին 10 առ հարիւր բաժնեմաս», ըսած է Յովհաննիսեան:

Նախարարը կարեւոր նկատած է այն, որ անձը ո՛չ միայն յայտարարութիւն ներկայացնէ այն մասին, թէ որո՛նք են իրական սեփականատէրերը, այլ նաեւ ներկայացնէ իրաւական արժէք ունեցող փաստաթուղթեր, որոնք կը հիմնաւորեն յայտարարութիւնները:

Յաջորդ յանձնարարականը, ըստ արդարադատութեան նախարարին, կը վերաբերի ապօրինի հարստացման:

Ըստ նախարարին, ինքնին ապօրինի հարստացման փաթեթը բաւարար չէ բոլոր խնդիրները լուծելու համար եւ անհրաժեշտ է նախատեսել այլ լուծումներ եւս: «Ճիշդ այս հարցին ուղղուած է մեր կողմէ առաջարկուող յաջորդ փաթեթը: Նոյն ապօրինի հարստացման գործերու պարագային անձեր կրնան կնքել շինծու փոխառութեան գործարքներ եւ այդպիսով օրինականացնել իրենց ապօրինի եկամուտները կամ գոյքը: Այս առումով, կը կարծենք, գործուն երաշխիք կ՛ըլլայ կանխիկ գործառնութիւններու սահմանափակման հետ կապուած օրէնսդրական փաթեթը: Մասնաւորապէս` պէտք է արգիլուին յստակ գումարէ մը բարձր փոխառութիւններու կանխիկ կատարումը` այսպէս կատարելով բացառապէս դրամատնային փոխանցումներու  միջոցով, բացի այդ յատուկ եւ յստակ գումարէ մը բարձր անշարժ գոյքի գործարքները նոյնպէս պէտք է կատարուին բացառապէս դրամատնային փոխանցումներու միջոցով: Կը կարծեմ, այս եւ շարք մը այլ քայլեր, թոյլ կու տան աւելի արդիւնաւէտ պայքար մղել փտածութեան դէմ», նշած է արդարադատութեան նախարարը:

 

 

Նախորդը

Թուրքիոյ Փոքրամասնութեանց Դէմ Ցեղապաշտական Քայլերուն Գծով Նամակ` Արդարադատութեան Նախարարին

Յաջորդը

Նախարար Մկրտչեան Կրթական Համակարգին Մէջ Բարեփոխումներու Կը Նախաձեռնէ

RelatedPosts

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս
Գլխաւոր լուրեր

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան

Հոկտեմբեր 25, 2025
Վարչապետ Սալամ Այցելեց Հռոմի Հայ Կաթողիկէ Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարան
Գլխաւոր լուրեր

Վարչապետ Սալամ Այցելեց Հռոմի Հայ Կաթողիկէ Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարան

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?