
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ կէսօրէ առաջ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Հասսան Տիապը, որուն հետ քննարկեց կրթական մարզին վերաբերող շարք մը հարցեր` նկատի ունենալով դպրոցներուն եւ համալսարաններուն վերամուտի շրջանը:
Նախագահ Սլէյման հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ երեսփոխան Էմիլ Ռահմէի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկրին քաղաքական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Պաալպեքի կարիքները:


