Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԺԱՀԺԱՀ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՈՒԻԼԻԸՄԶՆ ՈՒ ՖԼԵՉԸՐԸ

September 27, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ժահժահ` Ուիլիըմզի հետ հանդիպման ընթացքին

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան նախագահ Սամիր Ժահժահ երէկ Մաարապի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Մայքըլ Ուիլիըմզը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Ուիլիըմզ յայտնեց, որ իր այցելութիւնը ունի հրաժեշտի բնոյթ` աւելցնելով, որ ինք Ժահժահի հետ քննարկած է Լիբանանի կացութիւնը, ինչպէս նաեւ շրջանային զարգացումները:

Ուիլիըմզ նշեց, որ հանդիպումին համաձայնութիւն գոյացած է Սուրիոյ մէջ արձանագրուած ամէն տեսակի բռնութեանց վերջ տալու:

Ուիլիըմզ նկատել տուաւ, որ ինք Ժահժահի հետ քննարկած է նաեւ արաբեւիսրայէլեան տագնապը, ինչպէս նաեւ պաղեստինեան պետութիւնը հիմնելու հեռանկարները` հիմնուած Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասի կողմէ ՄԱԿ-ի 66-րդ Ընդհանուր ժողովին ներկայացուած առաջարկին վրայ:

Անդրադառնալով Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանի ֆինանսաւորումին` Ուիլիըմզ շեշտեց, որ Լիբանան յանձնառութիւններ ունի այդ ատեանին ֆինանսաւորման նկատմամբ` աւելցնելով, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի եւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի կատարած յայտարարութիւններուն լոյսին տակ ինք վստահ է, որ Լիբանան պիտի կատարէ 2011-ի իր յանձնառութիւնները:

«Եթէ Լիբանանի կառավարութիւնը թերանայ ատեանը ֆինանսաւորելու իր պարտականութեան մէջ, ապա ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը անհրաժեշտ կեցուածքները պիտի որդեգրէ այդ առումով: Հարկ է նաեւ նշել, որ կարելի չէ մէկ կողմէ յանձնառութիւնները մերժել, իսկ միւս կողմէ ՄԱԿ-ի օժանդակութիւնը խնդրել ծովային սահմանները ճշդելու առումով», շեշտեց Ուիլիըմզ:

Միւս կողմէ, Ժահժահի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Մեծն Բրիտանիոյ դեսպան Թոմ Ֆլեչըր, որ յայտնեց, թէ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավարին հետ քննարկած է Լիբանանի անկախութեան, գերիշխանութեան եւ կայունութեան անհրաժեշտութիւնը: Ան շեշտեց, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ պէտք է դնեն, որ Լիբանանն ու շրջակայ երկիրները ապահովական կայունութիւն վայելեն:

«Մենք կ՛ակնկալենք, որ լիբանանցի պատասխանատուները տան այնպիսի որոշումներ, որոնք կը ծառայեն Լիբանանի շահերուն, ինչ կը վերաբերի Միջազգային դատական ատեանին ֆինանսաւորման», ըսաւ Ֆլեչըր:

Ան աւելցուց, որ Ժահժահի հետ քննարկած է նաեւ Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեաներուն դերակատարութիւնը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ երաշխաւորելու համար շրջանին մէջ անոնց հետագայ գոյութեան կենսականութիւնը:

 

Նախորդը

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

Յաջորդը

ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԻ ԵՒ ՆԵՐՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՄԻՋԵՒ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԻՒՆ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.