Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տագնապ

Օգոստոս 9, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԹԱՄԱՐ ՏՕՆԱՊԵՏԵԱՆ-ԳՈՒԶՈՒԵԱՆ

Մութը իջաւ. խառնարան է հոգիս դարձեալ.
Քար ու քանդ… աւերակի կոյտի մը նման
Որուն ներքեւ թաղուած անհամար երազները տակաւին կը մխան:
Կոյտին մէջէն կը քալեմ միայնակ ու գլխահակ,
Մերթ յուսաբեկ ու մերթ յոյսով առլցուն`
Վարդահեղեղ երազներուս աշխարհը դարձեալ գտնելու:

Ամէն քայլին հրաբուխ մը կը բարձրանայ դէպի վեր, Կը հասնի կոկորդս… կը պատռէ լարերս,
Կ՛ուզեմ ճչալ ցաւէն. բայց, ձայնս խեղդուած կը մնայ… Ականջիս տակ ծանր ու յամառ ոտնաձայնս է, որ կ՛առնեմ Ոտնաձայնս ու սրտաճմլիկ հեկեկոցը` քարի մը տակ ծուարած մանուկին,
Որ աչքին տակէն իր նուաղկոտ նայուածքը դէպ՛ ինձ կ՛երկարէ…

Կ՛ուզեմ երեսս անդին դարձնել, փախչիլ, փախչիլ հեռո՜ւ.
Հոն, ուր մարգեր են ոտքիս տակ, գլխուս` արեւն է պայծառ,
Հոն, ուր գլգլացող աղբիւրն ու սանձարձակ ուռենին
Թեւթեւի` բնութեան կիրքը կ՛երգեն…
Հո՜ն… ուր բարի լոյսը կ՛երկարի այգաբացէ մինչ այգաբաց, Հոգւոյս ժպիտը վրան:

Ջերմութիւնը կը պատէ զիս. կը զգամ, թէ հոն եմ.
Ի՜նչ թեթեւ է հոգիս երազներու այգեստանին մէջ անդորր…
Բայց ո՛չ… կարելի չէ հոն մնալ, հանգիստ չկայ կոտտացող սրտին:
Ծերունի մը կորաքամակ ու ծնրադիր
Աղերսոտ աչքը վրաս` դողահար ձեռքը դէպ՛ ինձ կ՛երկարէ…
Ո՜հ երազներուս աշխարհը… որքա՜ն հեռու է խիղճս քեզմէ…

1 օգոստոս, 2016

 

Նախորդը

Հայեացք Մը Հայ Մշակոյթի Ինքնութեան Վրայ

Յաջորդը

Արեւմտեան Հայաստանի Եւ Կիլիկիոյ Յուշամատեաններ. «Պատմութիւն Հայոց Արաբկիրի» Զոյգ Հատորները

RelatedPosts

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն
Անդրադարձ

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն

Հոկտեմբեր 20, 2025
Միասնականութեան Ազգապահպան Ուժը
Անդրադարձ

Փաշինեան Կը Սխալի. Ո՛չ 4-րդ, Ո՛չ Ալ 3-րդ Հանրապետութիւն Կայ. Կան Միայն 1918 Եւ 1991 Թուականներու Երկու Հայկական Հանրապետութիւնները

Հոկտեմբեր 20, 2025
Դոկտ. Աբէլ Մանուկեանի «Մարդասիրութեան Վկանե՞րը», Թէ՞ «Մարդասիրութեան Վկայագիր» Գրքի Մասին
Անդրադարձ

Թիֆլիսի Սուրբ Ստեփանոս Կուսանաց Վանքը – Հայոց Հոգեւոր Ժառանգութիւնը, Խորհրդային Վայրագութիւններն Ու Հետագայ Վրացականացումը

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?