Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պաքուի Մէջ Ռուսիոյ, Իրանի Եւ Ազրպէյճանի Նախագահները Պիտի Քննեն Նաեւ Արցախի Հարցը

August 4, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Baku-Meeting_80316

«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Պաքուի մէջ Ռուսիոյ, Իրանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներու 8 օգոստոսին տեղի ունենալիք եռակողմանի, ապա նաեւ երկկողմանի հանդիպումներուն օրակարգը յագեցած պիտի ըլլայ ոչ միայն քաղաքական, այլեւ տնտեսական հարցերով: Պաքուի մէջ երեք նախագահները պիտի քննարկեն նաեւ ղարաբաղեան տագնապի լուծման կարելիութիւնները:

Հանդիպումներու օրակարգին վրայ կը գտնուի նաեւ զէնքի վաճառքին հետ կապուած նոր համաձայնագիրը, որուն մասին ակնարկութիւն կատարած էր Ազրպէյճանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Վլատիմիր Տորոխին:

Նախագահները պիտի քննարկեն ուժանիւթի եւ փոխադրական մարզերուն առնչուող շարք մը լայնածաւալ նախագիծեր, որոնցմէ մէկն է Հիւսիս-Հարաւ փոխադրական միջանցքի ծրագիրը: Արդարեւ, Ազրպէյճան եւ Իրան ստեղծած են միացեալ աշխատանքային խումբ մը, որուն նպատակն է Ռեշթ-Ասթարա երկաթուղիին կառուցումը:

Սոյն ծրագիրին իրականացումը մէկ միլիառ տոլար պիտի արժէ, յայտնած է Ազրպէյճանի մէջ Իրանի դեսպան Մոհսուն Փաքային: Աշխատանքային խումբը իր առաջին նիստը պիտի գումարէ այս շաբաթ: Նախագիծով արդէն իսկ հետաքրքրուած են Ռուսիա, Չեխիա եւ Հունգարիա: Ծրագիրին նպատակն է Ծոցը կապել Ռուսիոյ եւ Արեւելեան Եւրոպային: Ազրպէյճանական հատուածին կառուցումը պիտի աւարտի այս տարի, իսկ Ռեշթ-Ասթարա հատուածի գործածութիւնը կրնայ սկսիլ 2018-ին:

Հիւսիս-Հարաւ ծրագիրը փոխադրական լայնածաւալ նախագիծ մըն է: Անոր նախաձեռնած են Մոսկուան, Պաքուն եւ Թեհրանը: Երկաթուղիին ընդհանուր երկայնքը 7000 քիլոմեթրի պիտի հասնի:

Ծրագիրին ամբողջական իրագործումը կարելի դարձաւ Իրանի դէմ սահմանուած պատժամիջոցներուն վերացումէն ետք: Միջանցքը պիտի կարենայ նաեւ Հնդկաստանը եւ Իրանը կապել Ռուսիոյ եւ Եւրոպայի հետ` դառնալով Սուէզի ջրանցքի մրցակից:

Նաեւ, այս աշնան կրկին օգտագործման պիտի դրուի իրանեան Մեշհաթ քաղաքը Նախիջեւանին կապող երկաթուղին` նպաստելով Ազրպէյճանի եւ Իրանի միջեւ զբօսաշրջութեան զարգացման:

Նախորդը

Երկխօսութեան Երկրորդ Նիստ. Պըրրի Կը Մաղթէ Նախագահական Ընտրութեան Շուրջ Համաձայնութեան Գործադրութիւնը Առաջնահերթ Նկատել

Յաջորդը

Իսրայէլի Մէջ Կ՛առաջարկեն Ստորագրահաւաք Կատարել` Հայոց Ցեղասպանութեան Հարցը Քնեսեթի Օրակարգին Վրայ Ներառելու Համար

RelatedPosts

Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին

October 29, 2026
Մորաթինոս. «ՄԱԿ-ը Պատրաստ Է Աջակցելու  Հայ-Ազրպէյճանական Հաշտեցման Եւ Կրօնական  Յուշարձաններու Պաշտպանութեան»
Հայկական

Մորաթինոս. «ՄԱԿ-ը Պատրաստ Է Աջակցելու Հայ-Ազրպէյճանական Հաշտեցման Եւ Կրօնական Յուշարձաններու Պաշտպանութեան»

October 29, 2026
Պորտիուժա. «Հայաստանը  Պէտք Է Հեռացնել ՀԱՊԿ»-էն
Գլխաւոր լուրեր

Պորտիուժա. «Հայաստանը Պէտք Է Հեռացնել ՀԱՊԿ»-էն

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.