Ռիօ տը Ժանէյրոյի մէջ տեղի ունենալիք ողիմպիական խաղերու բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը` Աթէնքի, Փեքինի եւ Լոնտոնի մէջ տեղի ունեցած ողիմպիականներուն նման թանկարժէք պիտի չըլլայ: Այդ մասին յայտնեց Ռիօ-2016-ի գործադիր արտադրիչ Մարքօ Պալիչ:
«Ատիկա մեծ շոու պիտի չըլլայ: Պիտի չըլլան Փեքինի շքեղութիւնը, Աթէնքի իւրայատկութիւնն ու Լոնտոնի արհեստագիտութիւնները, հնարքները: Ատիկա պիտի ըլլայ պարզ արարողութիւն, բայց` ժամանակակից: Առանց այդ շքեղութիւններուն ալ մարդիկ երկար պիտի խօսին ատոր մասին», ըսաւ Պալիչ:
Ռիօ-2016-ի բացման արարողութեան համար պիտի ծախսուի 21 միլիոն տոլար: Լոնտոն-2012-ին այդ գումարը կազմած էր 42 միլիոն տոլար:
Ողիմպիական խաղերու բացումը տեղի պիտի ունենայ 5 օգոստոսին` «Մարաքանա» մարզադաշտին մէջ: Խաղերը պիտի աւարտին 21 օգոստոսին: