Այս գիշեր տեղի պիտի ունենայ Մանչեսթըր Եունայթըտի կազմին մէջ Ուէյն Ռունիի տասնամեայ խաղարկութեան ի պատիւ բարեկամական մրցում մը` Մանչեսթըր Եունայթըտի եւ Էվըրթընի (Ռունիի առաջին խումբը) միջեւ: Մրցումին եկամուտը պիտի յատկացուի Ռունիի հետ գործակցող բարեգործական կազմակերպութիւններու:
Ռունի 18 տարեկան էր, երբ 2004 թուականին Էվըրթընէն միացաւ Մանչեսթըր Եունայթըտի, որուն հետ ցարդ կատարած է 520 պաշտօնական մրցում` միջին հաշուով իւրաքանչիւր խաղին կոլ մը նշանակելով: Ան միայն 4 կոլով ետ կը մնայ ակումբին մէջ Պոպի Չարլթոնի հաստատած մրցանիշէն` 249 կոլ:
Իր նախկին կազմը լքելէ ետք, Ռունի ցարդ 20 անգամ խաղցած է Էվըրթընի դէմ` նշանակելով 5 կոլ: